ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ».- Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը Մայիս 22ին յայտարարեց, որ «Իսլամական պետութիւն» կոչուող ահաբեկչական կազմակերպութիւնը Փալմիրի աւերակներու համալիրին կից գտնուող Թատմոր քաղաքը ամբողջութեամբ գրաւելէ ետք, մուտք գործած է նաեւ համալիրէն ներս եւ խմբաւորման դրօշակները արդէն հոն յայտնուած են: Մինչեւ օրս պահպանուած հռոմէական փողոցները, կամարները եւ սիւնաշարերը, թատրոնն ու Ճիւփիթըրի տաճարը ոչնչացման վտանգը կը դիմագրաւեն: Հինգշաբթի լուսցող գիշերուան ընթացքին, Սուրիոյ բանակը լքած էր վերջին երեք յենակէտերը, որոնք Փալմիրի շրջանին մէջ կը գտնուէին իր ձեռքը: «Սքայնիուզ» կը հաղորդէ, որ ծայրայեղական զինեալները յաջողած են գրաւել Թատմորի օդակայանը, բանտը եւ ապահովութեան ուժերու կեդրոնատեղին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.