ՈՒԵՍԹՈՒՈՒՏ.- Շարք մը այլ լեզուներու կողքին, այս տարի հայերէնի ամառնային դասաւանդութիւն տեղի պիտի ունենայ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին (UCLA) մէջ, երկրորդական վարժարանի աշակերտներու համար, դոկտ. Շուշան Կարապետեանի առաջնորդութեամբ։
Դասաւանդութիւնները տեղի պիտի ունենան Յուլիս 6էն 30ի միջեւ, Երկուշաբթիէն Հինգշաբթի օրերը, առաւօտեան ժամը 9էն մինչեւ կ.ե. ժամը 2։
Արձանագրութեան ժամկէտը Յունիս 15ն է, իսկ մասնակցութեան սակը՝ 200 տոլար։
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար այցելել՝ http://hslanguages.ucla.edu/hslanguages/armenian/2015 կայքէջը։