ԵՐԵՒԱՆ.– Պաշտօնական այցելութեամբ Չեխիա գտնուող Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը 2 Յունիսին Փրակի մէջ հանդիպում ունեցած է Չեխիոյ վարչապետ Պոյուսլաւ Սոպոթքայի հետ: Երկու վարչապետներուն միջեւ կայացած դռնփակ նիստէն ետք տեղի ունեցած է ընդլայնուած կազմով հանդիպում:
Չեխիոյ վարչապետը համոզում յայտնած է այն մասին, որ հայ-չեխական յարաբերութիւնները կարեւոր հանգրուան թեւակոխած են եւ որ Չեխիան մեծ կարեւորութիւն կու տայ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու սերտացման։
Իր կարգին վարչապետ Աբրահամեան վստահութիւն յայտնած է այն մասին, որ այցելութիւնը լաւագոյնս պիտի ծառայէ երկու բարեկամ ժողովուրդներուն միջեւ կապերու առաւել ամրապնդման եւ փոխշահաւէտ գործակցութեան նոր զարկ տալուն՝ նշելով, որ վերջին տարիներուն նկատելի է երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու եւ քաղաքական երկխօսութեան աշխուժացումը։ Արժեւորելով երկու երկիրներուն միջեւ առկայ քաղաքական երկխօսութեան բարձր մակարդակը՝ Յովիկ Աբրահամեան դիտել տուած է, որ տնտեսական համագործակցութեան ծաւալները տակաւին կը զիջին քաղաքական յարաբերութիւններու մակարդակին, ուստի պէտք է ջանք ի գործ դնել առկայ մեծ ներուժը լիարժէքօրէն օգտագործելու համար:
Վարչապետը հեռանկարային նկատած է համագործակցութեան հետագայ ընդլայնումը ուժանիւթի, գիւղատնտեսութեան, զբօսաշրջութեան, առողջապահութեան, տեղեկատուական արհեստագիտութեան, մշակոյթի, կրթութեան եւ գիտութեան ոլորտներուն մէջ: Ըստ անոր՝ տնտեսական համագործակցութիւնը աշխուժացնելու համար անհրաժեշտ է հայ եւ չեխ գործարարներուն միջեւ կապերի հաստատումը եւ Փրակի մէջ կայանալիք գործարար համաժողովը։ Ան շատ կարեւոր նկատած է նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ ուղիղ թռիչքի հաստատումը, որ նաեւ պիտի քաջալերէ զբօսաշրջութիւնը։
Չեխիոյ վարչապետը եւս կարեւոր նկատած է տնտեսական յարաբերութիւններու հետագայ աշխուժացումն ու զարգացումը՝ նշելով, որ համագործակցութիւնը ընդլայնելու լայն կարելիութիւններ եւ հեռանկարներ կան: Ան անհրաժեշտ նկատած է նաեւ Հայաստանի համար վիզայի դրութեան դիւրացումը Եւրոպական միութեան անդամ երկիրներուն հետ:
Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուած է նաեւ տարածաշրջանային խնդիրներուն, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման: Չեխիոյ վարչապետը ընդգծած է, որ իր երկիրը կը սատարէ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման՝ հիմնուած միջազգային սկզբունքներու, ազգերու ինքնորոշման եւ տարածքային ամբողջականութեան վրայ, ինչպէս նաեւ կ՛աջակցի ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ջանքերուն:
Հանդիպումին աւարտին տեղի ունեցած է համագործակցութեան փաստաթուղթերու ստորագրութիւն: Փոխըմբռնման յուշագիր ստորագրուած է Հայաստանի Տաւուշի մարզպետարանի եւ Չեխիոյ Հրատեց Քրալովէ երկրամասի նահանգապետարանի միջեւ՝ առեւտրատնտեսական, մարդասիրական եւ մշակութային համագործակցութեան վերաբերող։