Գերմանիոյ Սաքսոնիա-Անհալթ քաղաքի հայ համայնքը՝ որպէս եկեղեցական համայնք, մինչեւ օրս գործօն մասնակցութիւն բերած է քաղաքային ու միջեկեղեցական ձեռնարկներուն, որուն հետեւանքով արժանացած է ժողովուրդի եւ քաղաքային իշխանութիւններու ջերմ ուշադրութեան: Շնորհիւ ատոր՝ համայնքը տիրացած է Ս. Յարութիւն սեփական եկեղեցւոյ: Ունի նաեւ հայերէնի կիրակնօրեայ դպրոց, պարախումբ, կաւագործութեան խմբակ:
Հայ համայնքի վարչութեան հետեւողական ջանքերով քաղաքային իշխանութիւնները թոյլատրեցին քաղաքի կարեւոր կեդրոններէն մէկուն՝ քաղաքային դատարանի ճիշդ դիմացը, Հայոց Ցողասպանութեան 100ամեակի յիշատակին զետեղել խաչքար մը, որուն օրհնութեան կարգը կատարուեցաւ, Մայիս 10ին, ձեռամբ՝ Գերմանիոյ առաջնորդ Գարեգին արք. Պեքճեանի:
Խաչքարի օրհնութեան, հիւսիսային Գերմանիոյ համայնքներու հոգեւոր հովիւ Գնէլ. քհնյ. Գաբրիէլեանէն բացի, իբրեւ պատուոյ հիւր ներկայ էին Երեւանի պետական համալսարանի աստուածաբանութեան բաժինի տեսուչ Անուշաւան եպս. Ժամկոչեան, Արիստակէս վրդ. Այվազեան եւ միջեկեղեցական խմբակի վարչութեան ատենապետ Եուրկըն Տիթրիխ պատուելին:
Կատարուած հանդիսութեան մասնակցութիւն բերին նաեւ Գերմանիոյ մօտ ՀՀ դեսպան Աշոտ Սմբատեան, Սաքսոնիա-Անհալթի մշակոյթի նախարար Շթեֆան Տորկելոհն, քաղաքապետ տոքթ. Պեռնտ Վիկանթ, ինչպէս նաեւ Գերմանիոյ տարբեր կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ, գերմանացի այլ բարեկամներ եւ տասնեակներով հայեր:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ քաղաքապետ տոքթ. Վիկանթ, մշակոյթի նախարար Տորկելոհն, ՀՀ դեսպան Աշոտ Սմբատեան եւ հայ համայնքի ատենապետ Յարութիւն Մանուկեան:
Խաչքարի օրհնութեան հանդիսութենէն ետք Ցեղասպանութեան 100ամեակին առթիւ համալսարանին մէջ տեղի ունեցան ելոյթներ, որոնց ընթացքին իրենց խօսքերով հանդէս եկան Մարթին Լութեր համալսարանի տեսուչ փրոֆ. Ուտօ Շտրետեր, համալսարանի արեւելագիտութեան բաժինի վարիչ փրոֆ. Արմէնուհի Տրոսթ-Աբգարեան:
Երեկոյթը եզրափակուեցաւ ելոյթովը Պերլինէն արհեստավարժ երգիչներէ բաղկացած 25 հոգինոց երգչախումբի մը, որ առաջին անգամ ըլլալով ներկայացուց Կոմիտաս վարդապետի գերմաներէն ստեղծագործութիւնները՝ երաժշտանոցի նախագահ Թոմաս Պուխոլցի աշխատասիրութեամբ:
Նշենք, որ Մայիս 20ին Գերմանիոյ առաջնորդ սրբազանը առաջնորդարանին մէջ ընդունեց Յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ Գերմանիոյ եւ Միջին Եւրոպայի մեթրոփոլիտ Իսահակ Պարաքաթը, որ Քէօլն հաստատուած է շուրջ մէկուկէս ամիսէ վեր:
Պարաքաթ սրբազանը իր չորս հոգինոց շքախումբով եկած էր քաղաքավարական այցելութեամբ մը՝ ողջունելու գերմանահայոց առաջնորդը: Գարեգին սրբազան մեթրոփոլիտը նախ առաջնորդեց առաջնորդանիստ Մայր տաճար, ուր կատարուեցաւ կարճ աղօթք մը, որմէ ետք խումբը անցաւ առաջնորդարանի հիւրասենեակը, ուր յուշանուէրներու փոխանակումէն ետք տեղի ունեցաւ բարեկամական զրոյց: Առաջնորդարանի պատուոյ տոմարի ստորագրութենէն ետք Պարաքաթ սրբազան հրաժեշտ առաւ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.