ՍԱՆԹԱ ՔՐՈՒԶ, Քալիֆորնիա.- Հետեւելով Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի, Ըրվայնի, Պըրքլիի, Տէյվիսի եւ Ռիվըրսայտի մասնաճիւղերու օրինակին՝ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Սանթա Քրուզի մասնաճիւղի ուսանողական կառավարութիւնը Երեքշաբթի, Յունիս 2ի երեկոյեան, միաձայնութեամբ վաւերացուց բանաձեւ մը, որ կոչ կ՛ընէ համալսարանին ետ քաշելու Թուրքիոյ մէջ իր ներդրումներն ու պարտամուրհակները, որոնց արժէքը մօտաւորապէս 73 միլիոն տոլար է:
Նշեալ ժողովին մասնակցած են համալսարանի Հայ ուսանողական միութեան անդամներ, համալսարանի այլ ուսանողներ եւ շրջանի հայ համայնքի ներկայացուցիչներ, որոնք շեշտած են նման բանաձեւ մը վաւերացնելու կարեւորութիւնը:
Բանաձեւին մէջ կը դատապարտուին Թուրքիոյ իշխանութեանց իրագործած ոճիրները, յատկապէս՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնն ու անոր ուրացման շարունակութիւնը:
Բանաձեւի վաւերացումը ապահովելու արշաւը մաս կը կազմէ Թուրքիոյ մէջ ներդրումները ետ քաշելու կամ հոն ներդրումներ կատարել տարհամոզելու ընդհանուր արշաւին՝ «#DivestTurkey» խորագիրին ներքեւ, որուն նախաձեռնած է Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւնը (ՀԵԴ):
Արշաւին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար դիմել divestment@AYFWest.org հասցէին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.