ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Ապրիլը Հայաստանի տնտեսութեան համար բացասական եղած է, որովհետեւ պետական պիւտճէի հարկային եկամուտները այդ ամիս նուազած են 3.5 միլիառ դրամով կամ 3.7 տոկոսով: Այս անկումին հիմնական պատճառը պիւտճէի եկամուտներուն կարեւորագոյն աղբիւր հանդիսացող Աւելցուած արժէքի հարկն է (ԱԱՀ):
Արդարեւ, տարուան ընթացքին վճարուած ԱԱՀի գումարը առաջին անգամ նուազած է Մարտին՝ 3.6 միլիառ դրամով: Մինչ այդ, անիկա դրական բնոյթ կը կրէր։ Նախորդ տարի պետական պիւտճէի խնդիրները հիմնականին մէջ կապուած էին շահութահարկին եւ խմիչքներու վրայ դրուած յաւելեալ հարկին հետ:
Այս տարի այդ «առաքելութիւնը» ստանձնել է ԱԱՀն: Ապրիլին այդ հարկատեսակէն ստացուած գումարը նուազած է աւելի քան մէկ տասներորդով (11.2 տոկոսով): Նշենք, որ ԱԱՀի գծով անկումը նպաստած է պետական պիւտճէի հարկային եկամուտներու հոսքին համեմատական՝ 4 տոկոսով դանդաղելուն: Հասկնալի է, որ հարկերու հաւաքագրումը իր ազդեցութիւնը կ՛ունենայ Հայաստանի տնտեսութեան վիճակին մէջ, որ մեծապէս կախեալ է Ռուսիոյ հետ արտաքին առեւտուրէն եւ երկրէն դրամական փոխանցումներէն։
Նշենք, որ հիմնականօրէն Ռուսիա արտածուող ապրանքներու արտադրութիւնը նուազած է: Օրինակ՝ քոնեաքի արտադրութիւնը (որուն 80 տոկոսը Ռուսիա կ՛արտածուէր) նուազած է 29.2 տոկոսով: Յայտնի է, որ քոնեաքը արտածուող ապրանքներուն առաջին եռեակին մէջն է:
Բացառութիւն կազմած են երրորդ երկիրներ արտածուող ապրանքները: Այսպէս, մետաղական հանքերու արտահանման ոլորտի արտադրութեան քանակը աւելցած է գրեթէ մէկ երրորդով (31.5 տոկոսով), իսկ արտածումը՝ 25.7 տոկոսով: Յիշեցնենք, որ Հայաստանի մեծագոյն հարկատուներէն է հայրենական արդիւնաբերութեան «Զանգեզուրի պղնձամոլիբդենային կոմբինատ»ը: