4 Յունիսին, Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի ձեռնարկներու ծիրին մէջ տեղի ունեցաւ Մարսէյի 9-10րդ շրջանի վարչական շէնքի («Սպիտակ տուն», «Maison Blanche») շէնքի ճակատի մասին վրայ ամրացուած «1915-2015. Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակ» մակագրութեամբ պաստառի հանդիսաւոր բացման արարողութիւնը։
Ձեռնարկին ներկայ եղան Զուիցերիոյ մօտ ՀՀ դեսպան Շարլ Ազնաւուր, Մարսէյ-Փրովանս-Մեթրոփոլ համայնքի նախագահ, պատգամաւոր Կի Տեսիէ, Մարսէյի 9-10րդ շրջանի ղեկավար Լիոնել Ռուայէ Փերօ, Մարսէյի 11-12րդ շրջանի ղեկավար, պատգամաւոր Վալերի Պուայէ, Մարսէյի մօտ ՀՀ հիւպատոս Սամուէլ Լալայեան, փոխքաղաքապետներ, տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ներկայացուցիչներ, ֆրանսական եւ հայկական կազմակերպութիւններու նախագահներ, լրագրողներ, հայ համայնքի բազմաթիւ ներկայացուցիչներ:
Ձեռնարկը սկսաւ Մարսէյի Համազգային դպրոցի երգչախումբի «Քեզի համար, Հայաստա՛ն» երգի կատարումով: Բանախօսները իրենց ելոյթներուն մէջ կարեւորեցին Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչումը, 100ամեակի խորհուրդը եւ նշանակութիւնը հայ ժողովուրդի եւ միջազգային հանրութեան համար՝ արժեւորելով Շարլ Ազնաւուրի մասնակցութիւնը եւ անգնահատելի նուիրումը Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացին: Քաղաքապետ Լիոնել Ռուայէ-Փերօ Շարլ Ազնաւուրին շնորհեց Մարսէյի 9-10րդ շրջանի պատուաւոր քաղաքացիի յուշամետալը: Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ «Սպիտակ տան» այգիին մէջ տնկուած 300ամեայ ձիթենիի որպէս խաղաղութեան խորհրդանիշ՝ «100ամեակի ձիթենի՝ Շարլ Ազնաւուրի կողմէ» մակագրութեամբ ցուցանակի բացումը:
Ձեռնարկը լայնօրէն լուսաբանուեցաւ ֆրանսական մամուլին մէջ: Քաղաքապետարանին մէջ Հայաստանին նուիրուած ձեռնարկներու շարքը պիտի շարունակուի եւս 10 օր:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.