24 Մայիսի երեկոյեան, «Հրաշափառ» երգով, եկեղեցական թափօրով մուտք գործեց նոր առաջնորդը՝ կողքին ունենալով նախկին առաջնորդ Նշան արք. Գարաքէհէեան, որ տարիներ շարունակ ծառայեց Յունաստանի հայ կաթողիկէ համայնքին:
Հայր Յովսէփ Ծ. վրդ. Պէզազեան պատարագը սկսաւ՝ իր շուրջ ունենալով Յունաստանի կաթողիկէ եւ առաքելական եպիսկոպոսական ու քահանայական դասը, ինչպէս նաեւ հոծ բազմութիւն մը:
«Զի ողորմած»էն ետք, Եգիպտոսի կաթողիկէ հայոց առաջնորդ Գրիգոր եպս. Գուսան գերապայծառը ներկայացուց նոր առաջնորդը՝ խնդրելով Գարաքէհէեան գերապայծառէն, որ անոր շնորհէ Թագադիր ծայրագոյն վարդապետութեան տիտղոսը:
Հաւատքի դաւանութիւնը տալէ ետք նախագահ առաջնորդը կոչեցեալին շնորհեց մատանի՝ իբրեւ գրաւական հաւատարմութեան, ապա լանջախաչ եւ հայրապետական գաւազան՝ որպէս պատիւ առաջնորդութեան:
Պէզազեան գերապայծառի ժողովուրդի առաջին օրհնութիւնը տալէ ետք կարդացուեցաւ Արեւելեան եկեղեցիներու նախագահ Լէօնարտօ Սանտրիի վճիռը, որուն մէջ Յովսէփ Ծ. վրդ. Պէզազեան կ՛անուանուի որպէս Յունաստանի Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաքելական կառավարիչ:
Սուրբ Աւետարանի ընթերցումէն ետք, յանուն Յունաստանի կաթողիկէ եպիսկոպոսաց դասուն, Աթէնքի Լատին եկեղեցւոյ առաջնորդ Սեպաստիանօ Ռոսոլաթօ արքեպիսկոպոսը նոր առաջնորդին մաղթեց բարի գալուստ եւ յաջող առաքելութիւն Յունաստանի մէջ:
Ապա խօսք առաւ նոր առաջնորդը՝ ըսելով. «Աստուծոյ փառք կու տամ այս օրուան համար: Առաջին օրէն հասկցայ, թէ քահանայութիւնը ինքն իր մէջ նպատակ մը չէ, այլ Աստուծոյ կամքը կատարելն է, որ կը յայտնուի նաեւ հոգեւոր իշխանութեան միջոցաւ: Այսօրուան առաքելութիւնը իմ անձիս կը տրուի, եւ սակայն կը նկատեմ զայն իբրեւ փառք ու պատիւ իմ եկեղեցւոյս եւ ժողովուրդիս: Սուրբ Պերոսը կ՛եզրակացնէ այս առաքելութիւնը երեք բառերու մէջ՝ «Հովուել, առաջնորդել եւ սորվեցնել»: Շնորհակալութիւններս բոլորիդ, որ եկաք ինծի հետ փառաւորելու մեր Տէրը, ինչպէս նաեւ յատուկ շնորհակալութիւն Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ դպրաց դասի երգչախումբին, որ գեղեցիկ երգեցողութեամբ մասնակցեցաւ Ս. Պատարագին»:
Պատարագէն ետք, Յունաստանի յոյն կաթողիկեներու առաջնորդ Տիմիթրի Սալախաս գերապայծառ, որ վարժապետը եղած է Յունաստանի կաթողիկէ հայոց նոր առաջնրդին՝ մաղթեց, որ նոր առաջնորդին հետ համագործակցին բոլոր քրիստոնեայ եկեղեցականները՝ հաւատացեալները ուղղելու եւ ծառայելու ամէն տեղ: