ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Կենսոլորտային խնդիրներու մասնագէտներ վաղո՜ւց ահազանգ հնչեցուցած են ջուրի տագնապին գծով՝ զգուշացնելով մարդկութիւնը մօտալուտ երաշտէ, եթէ աշխարհ շարունակէ նոյն թափով օգտագործել երկրագունդի բնական հարստութիւններէն համարուող կենսական ջուրը:
Որոշ երկիրներու մէջ արդէն նախանշաններ կ՛երեւին, երբ լիճեր կը չորնան, երբեմն իրենց հանքային նիւթերու փոշին հովին հետ քաղաքներու վրայ տարածելով եւ մշակուած դաշտերուն վտանգ սպառնալով:
Ըմպելի ջուրի տագնապ ունեցող երկիրներ նոյնիսկ ծովու ջուրը մաքրազտելու հնարքներ մտածած են, անշուշտ եթէ նիւթապէս ալ բաւարարուած վիճակ կը ներկայացնեն, որպէսզի մաքուր ջուրի մատուցումով քաղաքացիները փրկեն ապականած ջուրեր ըմպելու ստիպողութենէն եւ առաջքը առնեն անկանխատեսելի աղէտներու:
Հինէն ի վեր, սակայն, մինչեւ իսկ անապատային դժուարին պայմաններու մէջ, հոր փորելով ջուր ունենալու միջոցը ընդունուած է: Այսօր շատ աւելի յարգի են եւ թանկարժէք այն բնակարանները, որոնք հոր փորած են սկիզբէն՝ շէնքի բոլոր բնակիչներուն անջուր մնալու մտահոգութեան առաջքը առնելով:
Մասնագէտներ լեռնային ջուրերու հոսանքներուն ջիղերը կ՛ուսումնասիրեն, յատուկ գործիքներով անոնց ընթացքը կը քարտիսագրեն եւ կանխաւ կը յայտնեն իրենց դիմողներուն, թէ շէնքի ուղղութեան վրայ ջուր կա՞յ, թէ չկայ: Կամ՝ եթէ կայ, որքա՞ն խորութեան վրայ կը գտնուի ջուրը, եւ որքա՞ն ելեկտրուժ պիտի վատնուի զայն ամէն անգամ որոշ քանակութեամբ դուրս քաշելու համար:
Լեռնային շրջանի մը մէջ, շէնքի շինարարին զգուշացնելով, հորի մասնագէտը կ՛ըսէր, թէ մինչեւ ծովու մակարդակ ալ իջնէր, այդ ուղղութեան վրայ ջուր պիտի չգտնէր: Չհաւատալով անոր խօսքին, շուրջ 700 մեթր խորութիւն փորելով եւ մեծածախս գործ կատարելով, տանտէրը ջուրին չհասաւ:
Աստուածաշունչին մէջ ալ հոր փորող եւ խաշնարած հին ցեղերուն համար ջուր նուիրող նահապետներուն նկատմամբ միշտ երախտագէտ եղած են հետագայ սերունդներ: Ուրեմն, դրական սքանչելի աշխատանք էր հոր փորելը անցեալին, երբ այնքան խճողուած չէր աշխարհը մարդկութեամբ, եւ քաղաքներու մէջ կեդրոնացած չէին անոնք: Իսկ այսօր, յատկապէս քաղաքի մէջ, հոր փորելու համար յատուկ արտօնութեան կարիք կայ, եւ քաղաքապետարանի մասնագէտները ամէն ստուգումներ կատարելէ ետք միայն արտօնութիւն կու տան, փոխան պետական յատուկ տուրքերու:
Ջուր մատակարարելու համար հորերու փորուիլը եթէ անցեալին թէ հիմա այնքան դրական երեւոյթ մըն է, անոր բարոյական հասկացողութիւնը, փոխաբերական իմաստով, ո՛չ միայն դրական չէ, այլ՝ վնասակար ու վտանգաւոր:
Բարոյագիտութեան դասագիրքին այս գլուխը յատկացուած է իրենց նմանին համար թակարդներ լարող մարդոց, որոնց քանդարար գործին համար փոխաբերութիւն իբրեւ կը գործածուի «հոր փորող» բացատրութիւնը:
Ասոնք հոր չե՛ն փորեր ջուր հանելով բարիք գործելու համար: Ընդհակառակը, անոնց փորած հորերը եթէ նոյնիսկ ջուր ունենան, հոն ինկողը խեղդելու համար կ՛ըլլան եւ ո՛չ թէ անոր ծարաւը յագեցնելու… Իսկ եթէ պատահի որ անոնց փորած հորերը չոր ըլլան, այս պարագային ալ անոնք կը վերածուին բանտերու, հոն ինկողը վերջնականապէս ազատազրկելու համար:
«Հոր փորել»ու բարոյական իմաստը աւելի կիզակէտի տակ բերելով, նման անձերու կերպարը կրնանք բնորոշել իբրեւ անխիղճ այն մարդիկը, որոնք հիմնականօրէն նախանձէ դրդուած՝ ծրագիրներ կը մշակեն, արգելք հանդիսանալու ուրիշներու յառաջդիմութեան, վերելքին, յաջողութեան եւ նոյնիսկ կատարելութեան հասնելուն:
Միայն սիրահարուածները չեն, որոնք անքուն գիշերներ կ՛անցընեն: Անքնութիւնը սակայն ունի իր դրական եւ ժխտական պատճառները: Ժխտականներուն մէջ, սովորական մտահոգութիւններէն բացի, դիւային ծրագիրներ մշակելու պատճառն է գլխաւորը, երբ ենթական անքուն մնալով, զանազան ձեւերու մասին կը խորհի, իր մրցակիցին կամ շատ յաջողակ անձի մը «ոտքերուն տակ հոր փորել»ու համար: Երբեմն մասնաւոր պատճառ ալ չունին նման անձեր այդպիսի քայլերու դիմելու: Սակայն վարժութիւնը ինքնին պատճառ կը դառնայ, որ ոմանք այդ ընթացքը բռնեն, գիտնալով հանդերձ որ ո՛չ մէկ հաւանականութիւն կայ իրենց համար հասնելու հոն, ուր կը գտնուի այն անձը, որուն «ոտքերուն տակ հոր փորել»ու աշխատանքով զբաղած են:
Իսկ ո՞ւր կը գտնուի հոր փորողը արդեօք: Ահա հիմնական հարցումը, որուն միջոցաւ կը բացայայտուի նկարագրային այն մակարդակը, որ կը պատկանի «հոր փորող»ին:
Բնականաբար, անոր գտնուած երկրին, քաղաքին, գիւղին կամ փողոցի հասցէին ու բնակարանի թիւին մասին չէ՛ խօսքը: Այլ՝ բարոյական այն աստիճանին, որուն վրայ կը գտնուի, դժբախատաբար, ուրիշներուն համար «հոր փորող»ը: Բարոյական աստիճաններու տարբերութիւնները իւրաքանչիւր մարդ իրեն յատուկ ըմբռնումով կրնայ բացատրել: Սակայն, այստեղ ներկայացուելիք պատկերը մեկնաբանութեան չի՛ կարօտիր:
«Հոր փորող»ը կը գտնուի «հոր»ին մէջ… Ուրեմն յստակ է անոր «տեղը» մարդկային ընկերութեան կեանքին մէջ: Հապա ո՞ւր պիտի գտնուէր ան, երբ գիշեր ու ցերեկ այդ է իր գործը… «Հոր»էն դուրս գալու համար, բարոյական բարձր արժանիքներ հարկաւոր են: Այնքան ատեն որ «հոր փորել»ու աշխատանքը առօրեայ գործ ու զբաղում կը դարձնեն ոմանք, բնականաբար չե՛ն կրնար այլ աշխատանքով զբաղիլ: Իսկ այդ գերզբաղուածութիւնը պատճառ կը դառնայ, որ անոնք միշտ գտնուին նոյն այն «փոս»ին մէջ, զոր իրենց ձեռքերով բացած են ուրիշներուն համար…
«Հոր փորող»ին անցանկալի «բնակարան»ը արդեօք յարդարուած կ՛ըլլա՞յ պատշաճօրէն: Անոր պարունակութիւնը եթէ նոյնիսկ ջուր ըլլայ, դարձեալ վստահելի չէ՛, որովհետեւ այդ ջուրին մէջ ուրիշները խեղդելու ծրագիրը արդէն իսկ ի մտի ունի «հոր փորող»ը: Ամէն պարագայի, իր բացած մութ փոսին մէջ դարանակալ նստող սա՛րդն է ան՝ «հոր փորող»ը, որս մը բռնելով խեղդամահ ընելու երազով տարուած: