
Մեզի ի՞նչ ՖԻՖԱն, կարելի է հարցնել. կազմակերպութիւն մը, որ կը կառավարէ համաշխարհային ֆութպոլը, 4 տարին անգամ մը կը կազմակերպէ ֆութպոլի աշխարհի ախոյեանութիւնը, կը վերահսկէ ֆութպոլի շրջանային եւ տեղական ախոյեանութիւնները, կը սահմանէ խաղին կանոնները, իրաւարարական համակարգը եւ այլն: Լա՞ւ կ՛ընէ, գէ՞շ կ՛ընէ, մեզի ի՞նչ:
Համաշխարհային մարզական կեանքը, ուզենք կամ չուզենք, առնչուած է քաղաքականութեան հետ: 1980ին, ամբողջ Արեւմուտքը պոյքոթի ենթարկեց Մոսկուայի մէջ կայանալիք Ողիմպիական խաղերը, որովհետեւ Խ. Միութիւնը Աֆղանիստան ներխուժած էր ատկէ քանի մը ամիս առաջ, եւ ուրեմն, պէտք էր «պատժել» Քրեմլինը:
Խ. Միութիւնը եւ իրեն զինակից Արեւելեան Եւրոպայի երկիրները, հակադարձեցին 4 տարի ետք, իրենց կարգին պոյքոթի ենթարկելով… Լոս Անճելըսի մէջ կայացող Ողիմպիական խաղերը:
Անցեալ տարի, Սոչիի մէջ կայացան ձմեռնային Ողիմպիական խաղերը: Արեւմտեան քարոզչական մեքենան, բարձրակարգ սիմֆոնիք նուագախումբի նման, մէկ ձայնի վրայ ինչեր ըսես չըսաւ Ռուսիոյ հասցէին, մինչեւ իսկ նկարներով «ապացուցելով», որ Սոչիի նորակառոյց պանդոկներէն ոմանց նոյնիսկ բաղնիքները պատրաստ չեն… Անաչառ լրատուամիջոցներ չուշացան ճշդելու, որ այդ նկարները առնուած են աւելի քան տասնամեակ մը առաջ, Ռուսիոյ երրորդական կամ երկրորդական քաղաքի մը խորհրդային օրերէն մնացած երրորդական պանդոկէ մը: Բայց մարդիկ ամչնալու երես չունին: Արեւմուտքը անվրդով շարունակեց վատաբանել Ռուսիան: Ուքրանիոյ տաք օրերն էին, գիտէք, կը յիշէք:
(Փակագիծ. Ռուսիան չենք պաշտպաներ, այլ՝ ճշմարտութիւնը):
Մօտաւորապէս երկու շաբաթէ ի վեր, իրարանցում մը կայ ՖԻՖԱյին հետ կապուած: Կազմակերպութեան կարգ մը բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ Զուիցերիոյ մէջ ձերբակալուեցան կաշառակերութեան յանցանքով, կապուած՝ ֆութպոլի աշխահի ախոյեանութիւն հիւրընկալող երկիրը որոշելու քուէարկութիւններուն: Ամենաշատը խօսուեցաւ Քաթարի մասին (իսկապէս անտրամաբանական վայր մը՝ այդ մրցաշարքը հիւրընկալելու իմաստով): Քաթարի ամբողջ բնակչութիւնը թերեւս կարելի է տեղաւորել Պրազիլիոյ Մարաքանա մարզադաշտին մէջ (քիչ մըն ալ «նեղ ընենք, տեղ ընենք»ով…)։
Այս արշաւը կը գլխաւորէ «Էֆ.Պի.Այ.»ը, զուիցերիական իշխանութիւններուն «գործակցութեամբ»: Բայց առաջին անգամը չէ, որ կասկածելի պայմաններու տակ կ՛որոշուի ֆութպոլի ախոյեանութիւն հիւրընկալող երկրի մը քուէարկութիւնը: Մարզական աշխարհին մէջ «ընդունուած» բաներ են գրաւները, խաղերու արդիւնքներ կանխորոշելը, Լաս Վեկասի խաղատուներու կասկածելի դերակատարութիւնը: Հիմա՞ ինչ եղաւ որ:
Շատ բարդ չէ: Քանի մը շաբաթ առաջ, արեւմտեան մեծ դրամատուներ (ներառեալ ամերիկեան «Սիթիպենք»ը, բրիտանական «Պարքլիզ»ը եւ զուիցերիական USB-ն), ամերիկեան ելեւմտական շուկաները կարգաւորող յատուկ յանձնաժողովին կողմէ մեղադրուեցան դրամ լուալու եւ դրամական փոխանակման շուկաներուն վրայ զեղծարարութիւններու յանցանքներով: Այս դրամատուները ապահոված էին աւելի քան 120 միլիառ տոլարի շահ: Տուգանքին չա՞փը՝ միայն 8 միլիառ տոլար: Այս դրամատուներու տնօրէններէն մէկն ալ ձերբակալուելով բանտ չտարուեցաւ: Ելեւմտական օրէնքները գրել տուողները եւ զանոնք քուարկել տուողները կարելի չէ բանտ առաջնորդել, չէ՞: Ի դէպ, այս դէպքին մասին շատ քիչ խօսուեցաւ ամերիկեան գլխաւոր լրատուամիջոցներուն մէջ: Հիմա արդէն հարցը փակուած է: Վերջ: Ինչպէ՞ս թէ մամուլին մէջ հարցը փակուած է: Ըհը՛, Զուիցերիոյ մէջ կատարուած ձերբակալութիւնները եւ ՖԻՖԱյին դէմ մղուող քարոզչական արշաւը, մոռցնելու համար աւելի մեծ զեղծարարութիւնները, ուշադրութիւնը ատոնցմէ շեղեցնելու բացայայտ ճիգով:
Բնականաբար կայ նաեւ հարցին քաղաքական երեսը:
Արշաւին թիրախներէն մէկը Քաթարն էր. սակայն չյայտարարուած թիրախը Ռուսիան է, որ պիտի հիւրընկալէ 2018ի ֆութպոլի աշխարհի ախոյեանութիւնը: Բրիտանական մամուլը սկզբնական օրերուն շատ խօսեցաւ Քաթարի մասին: Յետոյ յանկարծ՝ քար լռութիւն այս երկրին մասին: Երեւան եկաւ, որ Քաթարի ձեռնարկած նոր մարզադաշտերու կառուցման մէջ մեծ դեր ունին բրիտանական շինարարական ընկերութիւններ: Այս խեղճերուն հացին ճամբան ինչպէ՞ս կտրել… Հապա՞ եթէ Քաթար ջնջէ շինարարական համաձայնագիրերը անոնց հետ:
Կաշառակերութեան մեղադրանքներով ՖԻՖԱյի պաշտօնատարներ ձերբակալելով (հաւանաբար արդարացիօրէն, դատարանը կը վճռէ այդ հարցը), հիմնական նպատակը կասկած յարուցելն է Ռուսիոյ նկատմամբ եւ ի հարկին՝ 2018ի մրցաշարքը ուրիշ երկրի մը մէջ կատարելն է, Ռուսիան մեկուսացնելու արեւմտեան խօլ արշաւի ծիրէն ներս:
Այս ալ ձեզի՝ ֆութպոլի ամերիկեան դիւանագիտութիւն: Ամերիկացիք կը մոռնան, որ ինչ ձախաւեր ճակատագիր ունեցաւ «ֆութպոլի հայկական դիւանագիտութիւնը»:
Այնպէս որ, ՖԻՖԱյին կապուած այս հարցերուն կ՛անդրադառնանք պարզապէս ցոյց տալու համար, որ համաշխարհային այն թատերաբեմը, ուր պարտաւոր ենք գործելու, ինչ կանոններով կը գործէ: Ֆութպոլի խաղերն ալ այս կամ այն ձեւով պիտի դիտենք, հեռատեսիլի այս կամ այն կայանէն…
10 Յունիս, 2015
vproodian@gmail.com