ԵՐԵՒԱՆ.– 16 Յունիսին պաշտօնապէս իր 4րդ տարեշրջանը սկսաւ «Երեւան Սիթիտուր» քաղաքային պաշտօնական զբօսաշրջային ծրագիրը:
«էքսկուրսավար աւտոբուս»ը 16 Յունիսին ընդունած է իր առաջին այցելուները։ Ծրագիրով կը նախատեսուի յստակ երթուղիով երկժամեայ պտոյտ կատարել Երեւանի մէջ: Անիկա պիտի առաջարկուի շաբաթը վեց օր, բացի Երկուշաբթի օրերէն՝ ճշդուած ժամերու։
Վերջին երեք տարիներուն «Երեւան սիթիտուր» ծրագիրէն օգտուած է աւելի քան 15 հազար այցելու:
Շրջագայութիւն կատարող պասը նաեւ ֆիզիքական հարցեր ունեցողներուն համար յարմարեցուած է։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.