ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարար Սերգէյ Կարապետեան 16 Յունիսին ընդունած է Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան (ԱՄՆ ՄԶԳ-USAID) պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէին ԱՄՆ ՄԶԳ փոխտնօրէնի տեղակալ Ճէյմզ Քաց եւ Գործակալութեան հայաստանեան առաքելութեան ղեկավար Քարէն Հիլիարտ:
Հանդիպման նպատակն էր քննարկել ԱՄՆ ՄԶԳի կողմէ Հայաստանի մէջ իրականացուող ծրագիրներուն ընթացքը եւ Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարարութեան հետ համագործակցութեան հետագայ հեռանկարները:
Զրոյցին ընթացքին Սերգէյ Կարապետեան շեշտած է, որ Հայաստան կարեւոր կը նկատէ Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրամիութեան երկիրներուն հետ տարբեր ոլորտներու մէջ, նաեւ՝ գիւղատնտեսութեան բնագաւառին մէջ յարաբերութիւններու ընդարձակումն ու եւրոպական շուկայ մրցունակ գիւղամթերքի արտածումը:
Իր հերթին Ճէյմզ Քաց հաստատած է, որ գիւղատնտեսութեան ոլորտին մէջ իրականացուող երկկողմանի ծրագիրները պիտի կրեն շարունակական բնոյթ: Ան նաեւ հաւանական նկատած է յառաջիկային ընդարձակել Գործակալութեան կողմէ Հայաստանի մէջ իրականացուող ծրագիրներու շրջանակը՝ մեկնելով ոլորտի առաջնահերթութիւններէն։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.