ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա».- Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի յանձնաժողովը, Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մէջ (ՄԻԵԴ) Հայաստանի դատաւորի պաշտօնին համար երաշխաւորած է Հայաստանի մարդու իրաւունքներու նախկին պաշտպան Արմէն Յարութիւնեանի թեկնածութիւնը:
ՄԻԵԴի դատաւորի պաշտօնին համար ՀՀ կողմէ առաջադրուող թեկնածուներու ընտրութեան գործընթացը կազմակերպուած է հրապարակայնութեան ու արդարութեան միջազգային չափանիշներուն համապատասխան: ՄԻԵԴի Հայաստանի դատաւորի թեկնածուներն էին նախկին Արմէն Յարութիւնեան, միջազգային իրաւունքի մասնագէտ Արա Ղազարեանն ու Վարչական դատարանի դատաւոր Լիանա Յակոբեան: Անոնց հետ փակ-գաղտնի հարցազրոյց կատարուած է եւ քուէարկութեամբ յանձնաժողովը երաշխաւորած է մէկ թեկնածու՝ ներկայացնելու Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովին, որու ամառնային նստաշրջանին ընթացքին քուէարկութեամբ պիտի ընտրուի դատաւորը:
Յիշեցնենք, որ նոյն յանձնաժողովը, անցեալ շաբաթ, Փարիզի մէջ մերժած է Ատրպէյճանի ներկայացուցած թեկնածուներու ամբողջական ցանկը՝ վկայակոչելով դատաւորի բոլոր թեկնածուներու ցած որակը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.