Սրտագին Կոչ Հայ Դպրոցի Առաքելութեան Հաւատացող Մեր Հայրենակիցներուն
ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ
Ցաւով կը յայտնենք, թէ քանի մը տարիէ ի վեր ԹՄՄի Արշակ Տիգրանեան ամէնօրեայ վարժարանի լուրերը լաւ չեն: Մեր լսածին համաձայն, վարժարանի պատասխանատուները, ծնողներուն նամակ մը ղրկելով, անոնց իմացուցած են, որ եկող կրթական տարեշրջանին դպրոցը պիտի փակուի, եւ թէ ղեկավարները պիտի աշխատին վարժարանը աւելի հայահոծ շրջան մը փոխադրել:
Մեզի ծանօթ էր, որ վարժարանը հսկայական պարտքերու տակ է. այս պարտքերով ծանրաբեռնուած, վերջին տարիներուն աշակերտութեան թիւն ալ նուազած է՝ վարժարանէն ներս տիրող անհիմն ըսի-ըսաւներուն պատճառաւ:
Վարժարանը, որ քանի մը քայլ հեռու է Հոլիվուտի սրտին վրայ գործող Ս. Յովհաննու Կարապետ Մայր տաճարէն եւ բազմամիլիոն տոլարներ արժող «Տաղլեան» մշակութային կեդրոնէն, երեսուն տարի շարունակ գործեց, թէ՛ աշակերտութեան թիւը եւ թէ որակը նախանձելի վիճակ մը ունէին:
Բայց վերջին տարիներուն, ինչպէս յիշեցինք, վարժարանը անկումի մէջ է, աշակերտութեան թիւը զգալիօրէն նուազած է, դպրոցը նիւթապէս անմխիթար վիճակ մը ունի, հոգաբարձութիւնը շուարումի մատնուած է՝ ուրկէ՞ շարունակ պարտք առնել դպրոցի տարրական ծախսերը հոգալու համար:
Այս գրութեամբ նպատակ չունինք յանցաւորներ փնտռելու եւ ոչ ալ քննադատելու այն բոլոր աշխատանքները ու առնուած սխալ որոշումները, որոնք քանի մը տարի առաջ առնուեցան հոգաբարձութեան եւ ԹՄՄի Կեդրոնական վարչութեան ցկեանս անդամներուն կողմէ:
Այս բոլորին վրայ խոստովանինք, որ վարժարանի բարերարներուն փառասիրութիւնը եւ զանոնք հաշտեցնելու հոգաբարձութեան անկարգութիւնը ժխտական դեր խաղաց դպրոցի համերաշխ ղեկավարութիւնը պառակտելու:
Խոստովանինք նաեւ, որ ԹՄՄի ԱՄՆի եւ Քանատայի Կեդրոնական վարչութիւնը եւ անոր ծնունդ տուող Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան միջեւ գոյութիւն առած լարուածութիւնը եւ անհնազանդութիւնը, մեծապէս ազդեցին վարժարանի բարոյականին վրայ՝ պատճառ դառնալով, որ մեծաթիւ բարերարներ դադրին այս վարժարանին նիւթապէս նպաստելէ:
Այս բոլորը պատճառ եղան, որ վարժարանի հոգաբարձութիւնը, ճարահատ՝ դպրոցը ծախելու նպատակ ունենայ եւ գոյացած գումարով հայահոծ ուրիշ տեղ մը տեղափոխէ վարժարանը:
Անշուշտ այս որոշումին մէջ ոչ մէկ առարկութիւն եւ մտահոգութիւն պէտք է ունենանք, քանի որ կրթական կամ որեւէ հասարակական հաստատութիւն, պէտք է ծառայէ մեր ժողովուրդին հոն, ուր որ կարիքը կայ: Բայց այս պարագային այդպէս չէ:
ԹՄՄի Արշակ Տիգրանեան վարժարանը կը գտնուի շատ հայահոծ շրջանի մը մէջ: Բայց ինչպէս ըսինք, մեր նպատակը քննադատել կամ յանցաւորներ գտնել չէ, այլ դժուարութեան մատնուած մեր ղեկավարները սթափեցնել եւ կոչ ընել, որ ԹՄՄի Արշակ Տիգրանեան վարժարանը բաց մնայ, իր պատուական անունով եւ մեր միութեան եւ կազմակերպութեան սեփականութեամբ եւ նոյն վայրին մէջ:
Նախ հաստատենք, որ Լոս Անճելըսի հայութիւնը ոչ թէ փակելու եւ նման նախընթաց ստեղծելու, այլ՝ տասնեակ վարժարաններ բանալու կարիքը ունի: Այո՛, նիւթական մեծ գումարներու կարիքը կայ, բայց անոնց լուծումն ալ ՊԷՏՔ Է գտնուի:
Այսօր մեր կազմակերպութիւնը եւ Թէքէեանի ղեկավարութիւնը մարտահրաւէրի մը առջեւ կը գտնուին: Մեր շարքայինները, մեր բարեկամ եւ համակիր միութիւնները եւ հայրենակիցները, բոլորը միասնաբար պէտք է աշխատին այս դպրոցը բաց պահելու համար:
30 տարիներու քրտինքով եւ ամբողջանուէր զոհողութիւններով, ԹՄՄի Արշակ Տիգրանեան վարժարանը դարձած էր մեր գաղութի պարծանքը, իր հայաբոյր մթնոլորտով, իր տուած սքանչելի հայատրոփ սերունդով, այս վարժարանը փայլուն կերպով արդարացուցած է իր վրայ դրուած յոյսերը:
Այսօր մեր կազմակերպութիւնը եւ ԹՄՄի ղեկավարութիւնը պէտք չէ վհատին ու ոչ ալ հրաժարին այս կալուածէն եւ ԹՄՄի Արշակ Տիգրանեան վարժարանէն: Այլ սիրով ու համերաշխութեամբ ձեռք-ձեռքի տալով, մեր շրջանակի առողջ ուժերը շարժման ենթարկելով, պէտք է (եւ վստահ եմ, որ դժուար չէ մեզի համար) աշխատին պահել տարիներու այս վարժարանը:
Մեր կազմակերպութիւնն ու շրջանակը անցեալին նման դժուարութիւններ ունեցած են, ինչպէս նաեւ սփիւռքահայ մեր կեանքին մէջ պատերազմներու, արտագաղթի պատճառով դպրոցներ եւ հաստատութիւններ փակուած են, բայց ոչ Լոս Անճելըսի պէս հայահոծ գաղութի մէջ: Հոս պէտք է աշխատանք տարուի այս վարժարանը պահելու համար:
Կոչ կ՛ընենք մեր ղեկավարութեան եւ շրջանակին ու մանաւանդ մեր կրթասէր հայրենակիցներուն ու մանաւանդ մեր վարժարանի շրջանաւարտներուն, որ հասնին ԹՄՄ Արշակ Տիգրանեան վարժարանին, փրկելու համար զայն: