Նախատեսօոած է Չորեքշաբթի, Յուլիս 1ին Պէյրութի մէջ կայացնել Վահան Յովհաննիսեանի «Մանդիլիոն» եւ «Մայրամուտ, Որը Հարկաւոր Է Կասեցնել» գիրքերու շնորհահանդէսը: Գիրքերը պիտի ներկայացնէ Հայաստանէն յատուկ այդ առիթով հրաւիրուած Արտաշէս Շահբազեան: Հրաւիրուած է նաեւ «Մանդիլիոն» վէպի թարգմանչուհի, բանաստեղծուհի Կարինէ Աշուղեան: Շնորհահանդէսը կազմակերպած է Լիբանանի Համազգայինը: Նշենք, որ «Մայրամուտ, Որը Հարկաւոր Է Կասեցնել» երկլեզու գիրքը հրատարակուած է yerkit.am-ի եւ ՀՅԴ Երեւանի «Կոմիտաս» կոմիտէութեան կողմէ՝ Յարութիւն Յարութիւնեանի խմբագրութեամբ եւ նախաձեռնութեամբ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.