Հալէպի քրիստոնէական թաղամասին մէջ Յունիս 12ին տեղի ունեցած է ծառատունկ. տնկուած են 30 ծառեր, որոնցմէ 10ը՝ հայ, 10ը՝ այլազգի քրիստոնեայ եւ 10ը՝ իսլամ նահատակներու անունով: Այս մասին «Արմէնփրէս»ի հետ զրոյցին ընթացքին յայտնած է Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանի խօսնակ Ժիրայր Ռէյիսեան, որ յայտնած է, թէ ծառատունկին ներկայ եղած են Հալէպի նահանգապետը, տարբեր կուսակցութիւններու եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներ, Սուրիոյ բնապահպանութեան հայազգի նախարար Նազիրա Սարգիս:
«Մեծ պաստառի վրայ փակցուած են նահատակներուն լուսանկարները եւ 30 թիւը, ծաղիկներ դրուած են նահատակներու յիշատակին, որմէ ետք տեղի ունեցած է ծառերու տնկման արարողութիւնը», նշած է Ռէյիսեան՝ աւելցնելով, որ նախաձեռնութեան ընթացքին ուժեղացած է շրջանի հսկողութիւնը՝ խուսափելու համար հնարաւոր միջադէպերէ:
Ռէյիսեանի խօսքով՝ բարեբախտաբար ձեռնարկը լաւ ընթացած է, առանց միջադէպերու:
Տեղական լրատուամիջոցները լուսաբանած են զայն: Այն հարցումին, թէ ինչո՛ւ որոշուած է 30 ծառեր տնկել, որոնցմէ 10ը հայ նահատակներուն անունով, Ռէյիսեան տեղեկացուցած է, որ թիւին մէջ մասնաւոր իմաստ չկայ, պարզապէս նախապէս որոշուած է տնկել 30 ծառ: