Պոլսոյ Գումգաբու շրջանի Սուրբ Որդւոց եկեղեցւոյ մէջ, Յունիս 10ին տեղի ունեցաւ եզակի ձեռնարկ մը, ուր կատարուեցաւ Տիգրան Մանսուրեանի պատրաստած «Եկեղեցւոյ համանուագ՝ վիոլայի եւ դաշնակի. ի յիշատակ Կոմիտաս վարդապետի» (Sonata da Chiesa for Viola and Piano: In Memoriam Komitas Vardapet):
Պոլսոյ դասական ե-րաժշտութեան փառատօնին ներկայացուած այս կտորը, ամենայն հմտութեամբ, նուագեց հանրածանօթ վիոլահար Քիմ Քաշքաշեան: Ունկնդիրներուն համար իւրայատուկ էր այս երեկոն, մանաւանդ որ Քաշքաշեան կրցած էր հարազատութեամբ ներկայացնել Մանսուրեանի այս կոթողային գործը եւ այդ ալ պատմական Սուրբ Որդւոց եկեղեցւոյ մէջ: