ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Բազմավաստակ մանկավարժ, մտաւորական, հրապարակագիր, հասարակական գործիչ Օննիկ Հայրապետեան Երեքշաբթի, 16 Յունիսին, հայրենիք կատարած այցելութեան ընթացքին, Երեւանի մէջ, սրտի կաթուածով մահացած է:
1944ին Իրան ծնած Հայրապետեան տարիներով աշխատակցած է «Ասպարէզ» օրաթերթին: Ան անդամ էր Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, որուն շարքերուն մէջ վարած էր պատասխանատու պաշտօններ:
Ողբացեալի մարմինը Լոս Անճելըս պիտի բերուի շաբաթավերջին:
Թաղման մասին մանրամասնութիւնները կը փոխանցենք հետագային:
«Ասպարէզ» իր խոր ցաւակցութիւնները կը յայտնէ Օննիկ Հայրապետեանի ընտանիքին, անոր կուսակցական ընկերներուն եւ բոլոր հարազատներուն: