ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- Մերձաւոր Արեւելքի քրիստոնեաներու տառապանքները լուսարձակներու տակ պահելու կոչ մը հնչած է Վատիկանի մէջ, Արեւելեան եկեղեցիներու օգնութեան հասնելու նպատակով կազմակերպուած ընդունելութեան ընթացքին:
Հռոմի պապ Ֆրանսիս յայտարարած է, որ ոմանց համար հազարաւոր մարդկանց կեանքերէն աւելի կարեւոր դարձած է զէնքն ու ուժանիւթը, հաղորդած է Վատիկանի ձայնասփիւռի կայանը:
Հռոմի պապը անգամ մը եւս ընդգծած է, թէ յոյժ վրդովեցուցիչ է վարքագիծը անոնց, որոնք բառացիօրէն խաղաղութիւն եւ արդարութիւն կը քարոզեն, սակայն իրականութեան մէջ մահ կը սփռեն։ «Հարկաւոր է աւելի մեծ ջանքեր գործադրել, արմատախիլ ընելու համար գաղտնի համաձայնութիւնները, որոնց պատճառով հազարաւոր մարդոց՝ կիներու, երեխաներու եւ ծերունիներու կեանքը շահի նժարին շատ աւելի քիչ կշիռ ունի, քան քարիւղն ու զէնքը»:
Ֆրանսիս պապը խնդրած է բարերարներուն՝ օգնել յատկապէս Եթովպիոյ եւ Էրիթրէայի քրիստոնեաներուն՝ չմոռանալով նաեւ քրիստոնէութեան օրրան՝ Հայաստանը։