ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Ինչպէս ծանօթ է, հայ ժողովուրդը այս շաբաթասկիզբին կորսնցուց իր արժանաւոր զաւակներէն՝ ազգային բարերար Գըրգ Գըրգորեանը:
Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի տնօրինութեամբ, յառաջիկայ Կիրակի, Յունիս 21ին, թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, յընթացս Ս. պատարագի, հոգեհանգստեան արարողութիւն պիտի կատարուի հանգուցեալ մեծանուն հայուն հոգւոյն համար:
Առաջնորդ սրբազանը, որ Ս. պատարագ պիտի մատուցէ Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն մայր եկեղեցւոյ մէջ եւ պիտի կատարէ նոր սրբանկարի մը օրհնութիւնը, պիտի նախագահէ հոգեհանգստեան արարողութեան եւ վեր պիտի առնէ մեծանուն հայորդիի կեանքի ժառանգութիւնը:
«Կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը, որ միանայ յիշատակի արարողութեանց եւ աղօթք բարձրացնէ հայրենանուէր ու ազգանուէր բարերարին հոգւոյն խաղաղութեան համար», նշուած է Ազգ. առաջնորդարանի դիւանին յղած հաղորդագրութեան մէջ։