ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Յունիս 19ին, Երեւանի մէջ ընթացող ՆԱԹՕի խորհրդարանական վեհաժողովի «Rose-Roth» 89րդ սեմինարի ընթացքին, ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի նախկին ֆրանսացի համանախագահ Ժագ Ֆոր յայտարարած է, որ անհնար է Արցախը Ատրպէյճանին վերադարձնել:
Ան յիշեցուցած է, որ Ղարաբաղի բնակչութիւնը հայկական է, եւ անիկա չ՛ուզեր իր կարգավիճակը փոխել:
«Սա իմ անձնական համոզումն է, բայց պարզ է, որ նշուած արդիւնքը պէտք է ազատ կամքի արտայայտութեամբ ամրապնդուի: Ես անձամբ, յոյս ունիմ, որ անիկա հնարաւոր կ՛ըլլայ», ըսած է Ֆոր:
Իր խօսքին մէջ, Մինսկի նախկին համանախագահը յստակացուցած է, որ մինչ Ատրպէյճան կը կեդրոնանայ միայն մէկ՝ տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքին վրայ, Հայաստան կը հիմնուի բոլոր երեք սկզբունքներուն՝ ուժ չկիրառելու, ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի եւ տարածքային ամբողջականութեան պահպանման վրայ:
Ժագ Ֆոր ըսած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ բանակցութիւնները յանգեցուցած են գաղափարներու, բայց ոչ ճշգրիտ արդիւնքի:
«Ո՞րն է պատճառը: Ամենակարեւորը կողմերուն միջեւ վստահութեան բացակայութիւնն է, մենք կը խօսինք 2 երկիրներու նախագահներուն մասին: Կայ նաեւ խնդիր դիւանագէտներու, որոնք կապ կը հաստատեն երկու նախագահներուն միջեւ: Կողմերէն իւրաքանչիւրը կը խօսի հակառակորդին համաձայնագրերուն չհետեւելու մասին», ընդգծած է Ֆոր: Ան մատնանշած է, որ մէկ այլ գործօն է տարածաշրջանին մէջ սպառազինութեան մրցավազքը:
«Ատրպէյճանի ռազմական պիւտճէն աւելի մեծ է, քան Հայաստանի ամբողջ պիւտճէն: Ղարաբաղի հարցի պարագային պէտք է քաղաքական կամքի եւ փոխզիջումներու մթնոլորտ ըլլայ: Կայ լարուածութեան մեծացման վտանգ», ըսած է նախկին համանախագահը: