Սեբաստահայոց հայրենակցական միութեան նոր հաւաքատեղիի հանդիսաւոր բացումը կատարուեցաւ Շաբաթ, 13 Յունիսին: Փանկալթի թաղի, Թիւրքպէյ փողոցի 40 թիւ շէնքին մէջ գտնուող նոր հաւաքատեղին միութեան անդամներուն հանգանակութեամբ առնուած էր անցեալ ամիսներուն:
Սեբաստահայոց եւ բարեկամներու միութեան վարչութեան ատենապետ Սեպուհ Քոչաք եւ վարչութեան միւս անդամները մտերիմ մթնոլորտի մը մէջ ողջունեցին բոլոր մասնակիցները:
Հաւաքատեղիի բացման առթիւ սարքուեցաւ նաեւ Զաքարիա Միլտանօղլուի տեղադրումով լուսանկարներու ցուցադրութիւն մը: Ինչպէս միութեան ատենապետ Սեպուհ Քոչաք բարերարներուն ուղղեալ իր շնորհակալութեան խօսքին մէջ պիտի նշէր, ցուցադրուած լուսանկարներուն կարեւոր մէկ մասը ապահովուած էին միութեան երիտասարդ անդամներուն ջանքերով: Վերջապէս Զաքարիա Միլտանօղլու այդ հաւաքածոն վերածած էր Սեբաստիոյ հարիւր տարուան պատմութեան վկայութեան:
Սեպուհ Քոչաք՝ նման կազմակերպութիւններու պոլսահայ ընկերային կեանքին վրայ ունենալիք դրական ազդեցութիւններուն մատնանշած իր ելոյթով, շնորհակալութիւն յայտնեց հանգանակութեան գլխաւոր բարերարներ՝ Տիգրան Կիւլմեզկիլին, Եթքին Պէրպէրօղլուին, Շիշլիի քաղաքապետ Հայրի Ինէօնիւին եւ Զաքարիա Միլտանօղլուին: Միջոցառման ներկայ գտնուեցան Ռաքէլ Տինք, Հայկ Ասլանեան, Ահմետ Թուրան Ալքան, հայրենակցական միութիւններու ներկայացուցիչներ Հիւսէյին Եըլտըրըմ, Գէորգ Ֆիքրի Չալըշ, Ճեմ Հալաւուրթ, Մտքի Հարթակի անդամներէն Թադէոս Պեպեք, Հայճարի հիմնադիրներէն Նազար Պինաթլը եւ Տիգրան Կիւլմեզկիլ: