20 Յունիսին, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. հայրապետի օրհնութեամբ, Պուլկարիոյ հայոց թեմի մէջ, Վառնա քաղաքի Ս. Սարգիս եկեղեցիէն ներս տեղի ունեցաւ թեմակալ առաջնորդի ընտրութիւն։
Ժողովի 52 անդամներէն ներկայ էին 48 պատգամաւորներ, որոնք Մայր Աթոռի միաբաններու եռանուն ցանկէն՝ Նարեկ վրդ. Աւագեան, Իսահակ վրդ. Պօղոսեան, Զաքարիա վրդ. Պաղումեան, առաջնորդ ընտրեցին Իսահակ հայր սուրբը, որ Մայր Աթոռի ընկերային ծառայութիւններու գրասենեակի տնօրէնն էր։
Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի Հայրապետական օրհնութիւնը ստանալէ ետք նորընտիր առաջնորդը պիտի ստանձնէ իր պարտականութիւնները։
Իսահակ վրդ. Պօղոսեան ծնած է 20 Նոյեմբեր 1978ին, մայրաքաղաք Երեւանի մէջ։
1996-2002 թուականներուն ուսած ու աւարտած է Մայր Աթոռի Սեւանի Վազգէնեան դպրոցը եւ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանը։
2002ին սարկաւագ ձեռնադրուած է, իսկ 2005ին, Ս. Վարդանանց տօնին Միքայէլ եպս. Աջապահեանի ձեռամբ ձեռնադրուած է կուսակրօն քահանայ։ 2006ին ծառայած է որպէս Մայր Աթոռի մատակարարման բաժինի տնօրէնի պաշտօնակատար։ Յաջորդող տարիներուն տարբեր պաշտօններ վարած է, իսկ 2010ին արժանացած է վարդապետութեան աստիճանին։ Հայր սուրբը քանի մը գիրքերու հեղինակ է։