ՊԷՅՐՈՒԹ.- ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Անդրանիկ մշակութային միութեան կազմակերպութեամբ, Ուրբաթ, 19 Յունիսի երեկոյեան, «Տէմիրճեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Համշէնցիները» խորագիրով ձեռնարկ մը, որուն հիւր դասախօսն էր համշէնցի Մահիր Էօզքան:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Կարօ Աբրահամեան: Ան ըսաւ, թէ ժամանակն է, որ ընդունինք մահմետականաց(ու)ած հայու կերպարի գոյութիւնը իր հողին վրայ, ապա խօսեցաւ գոյութեան փաստին մասին զանազան խմբաւորումներով շուրջ 2 միլիոն համշէնցիներու, որոնց բնակավայրերը կ՛երկարին Տէրսիմէն մինչեւ Վրաստանի սահման, Սեւ ծովու ափերուն:
Կարօ Աբրահամեանի կողմէ օրուան բանախօս Մահիր Էօզքանի ներկայացումէն ետք ցուցադրուեցաւ Էօզչան Ալպերի բեմադրած «Մոմի» շարժապատկերը, որ կը ներկայացնէ Համշէնի կենցաղը, հին ու նոր սերունդներու յարաբերութիւնը, վտանգուած բարբառը եւ բնութիւնը:
Կարօ Աբրահամեան ներկայացուց Մահիր Էօզքանի «Համշէնեան պատմուածքներ. համշեցնակ հեքիաթներ» խորագիրը կրող գիրքը, որ կը բաղկանայ 24 պատմուածքներէ, որոնք կը տարուբերին անձնական յուշերու, աւանդապաշտ եւ վերացական պատումներու միջեւ: Գիրքին պատմուածքները գրուած են հայատառ համշէներէնով, թրքերէնով եւ հայերէնով:
Բեմ հրաւիրուեցաւ բանախօս Մահիր Էօզքան: Ան նկարներու ցուցադրութեան ընդմէջէն եւ Համշէնի բարբառով անդրադարձաւ Համշէնի պատմական տուեալներուն՝ առաջ քաշելով այդ մասին եղած բոլոր վարկածները: Ապա ներկայացուց համշէնահայութեան երեք խմբաւորումները իրենց տարածքներով եւ կենցաղով եւ մշակութային մանրամասնութեամբ: Ան նկատել տուաւ, թէ համշէնահայութեան ստուար մաս մը կ՛ընդունի իր ինքնութիւնը առանց բարբառը տիրապետելու, մաս մը, որ կը խօսի համշէներէն, բայց իսլամութիւնը դաւանած է, իսկ ստուար մաս մըն ալ քրիստոնեայ համշէնահայերն են, որոնք ե՛ւ կը խօսին, ե՛ւ կը պահեն բարբառը: Ան խօսեցաւ համշէնի գործունէութիւններուն մասին՝ յիշելով Պոլսոյ մէջ գործող «Հատիկ» միութեան
աշխատանքը, «Կոր» ամսագիրը, տարբեր հրապարակումներ եւ մինչ օրս եղած հրատարակութիւնները, «Վովա» երգ ու պարի համոյթը, որոնք բոլորն ալ մեծ դեր կ՛ունենան Համշէնի հարցերու արծարծման: Բանախօսը անդրադարձաւ համշէնի բարբառին մասին եւ նշեց, որ անիկա կորստեան մատնուող լեզուներու շարքին է արդէն՝ յայտնելով, որ բարբառը պահելու համար արդէն տարբեր վայրերու մէջ զայն նոր սերունդին սորվեցնելու փորձեր կը կատարուին:
Ան իր խօսքի աւարտին ըսաւ, թէ վտանգուած լեզուն պահելու կողքին անհրաժեշտ է մարդկային ներոյժի եւ կենցաղին վերաբերող հարցերու լուծումներ գտնել Համշէնի մէջ: Ապա ակնարկեց Թուրքիոյ վերջին իրադարձութիւններուն, որոնք կրնան զարգանալ նաեւ յօգուտ համշէնահայութեան: Ան ընթերցեց նաեւ Համշէնի բարբառին մաս կազմող ցանկ մը բառերու, որոնց համապատասխան հայերէն տարբերակը տուաւ՝ մատնանշելով հնչիւնափոխուած տառերը:
Ներկաները ունկնդրեցին նաեւ համշէներէն երգեր, գեղեցիկ կատարումներ ու մեկնաբանութիւններ, երաժշտութիւն, ապա բանախօսը հերթաբար պատասխանեց ներկաներուն գրաւոր հարցումներուն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.