ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ
Միակ բարձրաստիճան կղերականն էր, որուն հետ եզակի, երկրորդ դէմքով կը խօսէի, այդ ալ, նախ՝ իր փափաքով, ապա՝ ստիպումով: Այնքան ալ դիւրին չեղաւ վարժուիլը: Մեծ յարգանք ունենալով հանդերձ, կրնայի՞ մերժել զինք:
Զիրար կը ճանչնայինք, երբ տակաւին Վարդգէս էր անունը. երբ Պուրճ Համուտի թաղերուն մէջ, այդ տարիներու երիտասարդական նորաձեւութիւններուն հետեւելով՝ Blue Jeans տաբատ եւ կարմիր շապիկ կը հագուէր. մազերուն «պրիանթին»ը լեցուցած՝ դէպի ետեւ սանտրած, աշխարհականի կեանքը կը վայելէր, սակայն մէկդի ձգելով պատանեկութեան տարիներու իր սիրած հաճոյքները, 1958ին՝ ինքզինք նուիրեց հայ եկեղեցւոյ, միացաւ Կիլիկիոյ միաբանութեան ու ձեռնադրուեցաւ սարկաւագ:
1961: Անթիլիասի դպրեվանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ, չորս նորընծաներ աբեղայ կը ձեռնադրուին՝ ձեռամբ երջանկայիշատակ Զարեհ Ա. վեհափառի: Ներկայ եմ այդ խիստ տպաւորիչ եւ յուզիչ արարողութեան: Վեհափառ հայրապետը «Կորիւն աբեղայ» կը վերակոչէ զինք: Կորիւն: Աւելի յարմար անուն կարելի չէր երեւակայել՝ տիկին Եթերի նման առիւծասիրտ մօր մը զաւկին համար: Տիկին Եթեր, Արագած թաղի տիկին Եթերը, բոլորին հասնող տիկին Եթերը, որուն կորիւնը, որպէս Կորիւն աբեղայ, ապա՝ վարդապետ, եպիսկոպոս եւ վերջապէս արքեպիսկոպոս, ամբողջ հայութեան կարիքներուն հասնող սիրուած ու յարգուած կղերականը պիտի դառնար երկար տարիներ, մինչեւ այն չարաշուք թուականը, Մայիս 21, 2015, երբ իր աչքերը յաւիտենական փակեց, ու իր յոգնած մարմինը «գտաւ հանգիստը», ու իր ազնիւ հոգին միացաւ անմահներու փաղանգին:
Լիբանան գտնուած շրջանիս շատ քիչ առիթներով կը տեսնէի զինք: Նախ՝ որպէս տիպար կղերական, միշտ վանքը կը մնար եւ շատ քիչ առիթներով կ՛այցելէր իր ընտանիքին, ապա 1967ին, տակաւին վարդապետ, Խորէն Ա. վեհափառ հայրապետի կարգադրութեամբ ղրկուեցաւ Անգլիոյ Օքսֆորտ նշանաւոր համալսարանը՝ ուսանելու աստուածաբանութիւն, ուրկէ 1977ին ստացաւ տոքթորայի (Ph.D) աստիճան:
Երկար տարիներ որպէս առաջնորդ ծառայեց նախ՝ Սուրիոյ Գամիշլիի հայկական գաղութին, ապա՝ 25 երկար տարիներ, Նոր æուղայի մէջ որպէս Իրանա-Հնդկաստանի հայոց թեմի առաջնորդ, ապա Արամ Ա. վեհափառ հայրապետ զինք նշանակեց Քուէյթի կաթողիկոսական փոխանորդ, ուր անկարելին կարելիի վերածեց, օգտակար հանդիսանալով Քուէյթի հայկական գաղութին, որ այդ շրջանին տագնապալից օրեր կ՛ապրէր:
Պզտիկ նմոյշ մը՝ սրբազանին կատարած ազգանուէր գործերէն:
Արաբական ծոցի երկիրներուն մէջ կալուածատիրութիւն արտօնուած չէ ոեւէ ոչ- տեղացի անհատի, միութեան կամ կազմակերպութեան. մինչեւ իսկ մեր ազգային կալուածները՝ դպրոց, եկեղեցի, ակումբ, գրուած են հայասէր վստահելի տեղացիներու անունին: Պարագան նոյնն է Քուէյթի Ազգային վարժարանին, սակայն այդ անձը, որու անունին գրուած է հայոց վարժարանը, անակնկալ կը մահանայ, առանց ոեւէ պաշտօնական փաստաթուղթի, թէ այդ կալուածը հայութեան կը պատկանի: Մահացողին ժառանգութիւնը ամբողջութեամբ կը փոխանցուի իր զաւկին, որ նոյնիսկ տեղեակ չէ, թէ իր հայրը նման կալուած մը ունի, որ իրականութեան մէջ հայութեան կը պատկանի: Մէկ օրէն միւսը, յանկարծ քուէյթահայութեան ազգային կալուածը կը վտանգուի: Կորիւն սրբազան կը բացատրէ կալուածատէրի «տիրոջ» զաւկին, թէ այդ կալուածը հայութեան արդար իրաւունքն է եւ թէ ի՞նչ պատճառով գրանցուած է իր հօր անունին, սակայն սոյն անձը անդրդուելի կը մնայ: Երկինքէն «կարմիր խնձոր» մը իյնալու նման, յանկարծ իրեն կը վիճակուի հսկայ կալուած մը: Եւ հոս է, որ Կորիւն սրբազան անկարելին կարելի կը դարձնէ վերատիրանալու հայոց արդար իրաւունքին: Նախ՝ բացատրելով պայմանները, թէ ինչո՞ւ գրուած էր իր հօրը անունին, ապա՝ տեսնելով որ անդրդուելի կը մնայ, կամաց մը կը հասկցնէ, թէ «հայերուն հետ խաղալ, կը նշանակէ կրակի հետ խաղալ»:
Քուէյթի ազգային կալուածները կը փրկուին շնորհիւ Կորիւն սրբազանի հմտութեան: Տանս մէջ, մտերիմ շրջանակի մը մէջ էինք, երբ պատմեց այս դէպքը, ապա անոյշ ժպիտով մը աւելցուց. «Ժամանակին, Ցարական Ռուսիա փորձեց գրաւել մեր եկեղեցական կալուածները ու ձախողեցաւ. այսօր քուէյթցի հարուստ մի անհա՞տ պիտի կարողանայ տիրանալ մեր դպրոցին ու եկեղեցուն: Այդ մէկը չի կարելի»: (Սրբազանը՝ 25 երկար տարիներ մնալով Պարսկաստան, աւելի հանգիստ կը զգար արեւելահայերէնով արտայայտուելու): Երկար տարիներ ապրեցաւ հեռու Լիբանանէն, հեռու իր հոգեւոր տունէն, Անթիլիասի դպրեվանքէն, հեռու իր հարազատներէն, ապա Արամ Ա. վեհափառի որոշումով վերադարձաւ Լիբանան եւ նուիրուեցաւ ուսումնասիրութիւններու անվերջանալի աշխատանքին, մինչեւ իր վերջին շունչը, հիւանդանոցի անկողինին մէջ, ջանաց աւարտել իր սկսած ուսումնասիրութիւնը: Լաւատես էր միշտ եւ կը յուսար շուտով ապաքինիլ։ «Անմիջապէս որ դուրս գամ հիւանդանոցից, օրական 10 ժամ աշխատելով պիտի աւարտեմ այս ուսումնասիրութիւնս», յայտնած էր եղբօրը՝ Մհերին, երբ վերջինս լսելով սրբազանին առողջական մտահոգիչ պարագան, փութացած էր Պէյրութ, այցելելու իր երէց եղբօր:
* * *
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի դժուար պայմաններէն իր ընտանիքը հեռու պահելու նպատակով, Լոս Անճելըս հաստատուած է սրբազանին կրտսեր եղբայրը, դասընկերս՝ ատամնաբոյժ Մհեր Պապեան: Կորիւն արք. քանի մը առիթներով ժամանած է Լոս Անճելըս, այցելելու Լոս Անճելըսի հայկական գաղութը եւ իր եղբօր ընտանիքին: Հաճելի զուգադիպութեամբ մը, ճիշդ այդ թուականին, երբ հայկական ընտանիք մը կը կազմէի, «Հրեշտակներու Քաղաքը» կը գտնուէր սրբազանը, ով ո՛չ միայն ներկայ գտնուեցաւ մեր ամուսնութեան, նաեւ մասնակցեցաւ մեր Սուրբ պսակի արարողութեան, ստացանք իր օրհնութիւնը, եւ ներկաները հիացմունքով լսեցին իր այնքան իմաստալից սրտի խօսքը:
«Դժուար է հայ լինելը առհասարակ: Դժուար է լաւ հայ ընտանիք կազմել, հայ զաւակներ դաստիարակել այս օտար ափերում»:
«Կիսելով դժուարութիւնները իրար միջեւ, պիտի նրանք նուազագոյնի իջնեն, եւ բաժանելով ուրախութիւնները, նրանք պիտի բազմանան»:
Լոս Անճելըս, գաղութի տարբեր հայկական եկեղեցիներուն մէջ, պատարագեց ու իր հայաշունչ քարոզներով հմայեց ներկաները: Առիթով մը, երբ կը պատարագէր Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց առաքելական եկեղեցւոյ մէջ, քարոզի ժամանակ ըսաւ. «Մեր եկեղեցին պահողը մեր մեռելներն են»: Նկատած էր, թէ եկեղեցի ժամանող հաւատացեալներու թիւը կախեալ է այդ օրուան հոգեհանգիստներու թիւէն…
Լոս Անճելըս հաստատուելէս ետք աւելի մտերմացայ սրբազանին հետ: Ամէն անգամ որ այցելէր իր եղբօրը՝ Մհերին, յաճախ առիթը կ՛ունենայինք իրարու հանդիպելու: Ինք եւս կ՛այցելէր մեր տունը, եւ պաշտօնականութիւնը վերածուած էր մտերմութեան: «Մոռցիր այս յոգնակիի գործածութիւնը, եղբայրներս ինձ հետ յոգնակի չեն խօսում, դու էլ մի հարազատ ես ինձ համար», կը կրկնէր յաճախ, երբ իբրեւ բարձրաստիճան կղերական, երկրորդ դէմք յոգնակիով խօսէի իր հետ:
Այնքան եռանդով ու խանդավառութեամբ կը պատմէր պատահած յիշատակելի դէպքեր, որոնք մեծ անդրադարձ ունեցած են հայկական գաղութներէն ներս:
Պարսկաստանի յեղափոխութեան շրջանին, Նոր Ջուղայի առաջնորդ հայրն էր: Շահին օրով, մեծ շուքով կը յիշուէր Վարդանանց պատերազմը, սակայն ներկայիս, կացութիւնը տարբեր է: Ծայրայեղ կրօնամոլներ են Պարսկաստանի իշխանութեան ղեկավարները: Պիտի հանդուրժե՞ն, որ քանի մը հազար հայեր Վարդանանց պատերազմը յիշատակեն ընդէմ պարսիկներու: Կորիւն սրբազան, քաղաքի տեղացի կրօնապետներու մօտէն ծանօթութիւն ունենալով, կը բացատրէ, թէ հայերը դարեր առաջ «պզտիկ խնդիր» մը ունեցած են պարսիկ ժողովուրդին հետ, եւ հայերուն սովորութիւն դարձած է ամէն տարի տօնել այդ «դէպքը»: (Կրնա՞ր ըսել թէ հայոց քրիստոնեայ պահող ամենաճակատագրական պատերազմն էր այդ մէկը): «Ո՞վ յաղթեց այդ պատերազմը», կը հարցնէ պարսիկ կղերականը: «Պարսիկները», կը պատասխանէ Կորիւն սրբազան: «Քանի մենք եղած ենք յաղթականը, արգելք մը չեմ տեսներ, կրնաք տօնել», եւ այսպէս, մինչեւ օրս, հակառակ քաղաքական փոփոխութիւններու, Վարդանանցի տօնակատարութիւնը Պարսկաստանի մէջ կը շարունակուի՝ շնորհիւ յանդուգն, հեռատես եւ քաղաքագէտ սրբազան հօր, յանձին Կորիւն սրբազանի:
* * *
2007, Յուլիս: Սրբազանը դարձեալ Լոս Անճելըս կը գտնուի եւ այս անգամ, չարաշուք բախտով մը, կը մասնակցի մեծ քրոջս՝ Ալիսի թաղման կարգին, որ այդ շրջանին անակնկալ հեռացաւ այս աշխարհէն արկածի մը հետեւանքով:
Սրբազանը մօտ էր մեր ընտանիքին: Ընտանիքի հարազատ մըն էր: Մասնակից դարձաւ մեր ուրախ եւ տխուր օրերուն: Տարիներ առաջ, իբր նորապսակ զոյգ, կողակիցս ու ես ստացանք իր օրհնութիւնը, այսօր, սիրելի քոյրս՝ տխուր պայմաններու մէջ, դարձեալ կը ստանայ իր վերջին օրհնութիւնը մեր ընտանիքի մեծ բարեկամէն:
Շաբաթ, 23 Մայիս, 2015: Կորիւն սրբազան Պապեանի անկենդան մարմինը կը հանգչի Անթիլիասի դպրեվանքի Զարեհեան յուշարձան-դամբարանին մէջ:
Իր օրհնութիւնը ստացած բազմահազար հայեր այսօր սուգի մատնուած են: Սուգի մէջ է Անթիլիասի միաբանութիւնը, լիբանանահայութիւնը, Գամիշլիի հայկական գաղութը, Նոր æուղան, Քուէյթը, իր եղբայրները՝ Գալուստն ու Մհերը իրենց ընտանիքներով, իր քոյրը՝ Մարօն եւ ընտանիքը, ինչպէս նաեւ այս տողերը գրողը:
* * *
Երկար տարիներու բացակայութենէ ետք վերջապէս որոշած ենք այս ամառ ընտանիքով այցելել Լիբանան: Տեղեակ էր սրբազանը: Որոշած էինք անպայման իրարու հանդիպիլ, սակայն… փոխանակ վայելելու իր անոյշ ժպիտը, փոխանակ ունկնդրելու իր այնքան հաճելի եւ դաստիարակիչ խօսքերը, պիտի այցելեմ… իր շիրիմը եւ «Հայր Մեր»ով ու խունկ ծխելով պիտի յիշեմ զինք՝ սկսելով Պուրճ Համուտի օրերէն, մինչեւ իր սարկաւագ ձեռնադրուիլը, երբ Վարդգէսը դարձաւ Կորիւն աբեղայ, ապա երկար տարիներու իր տքնաջան ու ծառայասէր կղերականի կեանքով՝ հասաւ արքեպիսկոպոսի աստիճանին:
Կորիւն արք. Պապեան հեռացաւ այս աշխարհէն:
Մեր եկեղեցին կորսնցուց ո՛չ միայն բարձրաստիճան կղերական մը, այլ նաեւ մեծ մտաւորական մը:
Խունկ ու մոմ անմար յիշատակիդ, Սրբազան հայր:
Լոս Անճելըս 2015