Հովանաւորութեամբ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, Կիրակի, 21 Յունիսի երեկոյեան, Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ սրահին մէջ, Երաժշտութեան միջազգային օրուան փառատօնի ծիրին մէջ տեղի ունեցաւ համերգ՝ կատարողութեամբ «Գուսան» երգչախումբին, խմբավար՝ Գրիգոր Ալոզեան, դաշնակի ընկերակցութեամբ Յասմիկ Գասպարեանի:
Յայտագիրը սկսաւ Է. Յովհաննէսեանի «Նանարի նա» երգով, մենակատար՝ Շողիկ Թորոսեան, որուն յաջորդեցին Մ. Եկմալեանի պատարագէն հատուածներ, կատարողութեամբ՝ Շողիկ Թորոսեանի եւ Յարութ Գալօղլեանի, որոնց կատարումը արժանացաւ հանդիսատեսներու ջերմ ծափողջոյններուն:
Այնուհետեւ յայտագիրը իր ընթացքը առնելով, զիրար գերազանցող սքանչելի մեկնաբանութեամբ հնչեցին Կոմիտասի «Սուրբ սուրբ»ը, Ա. Պոպիկեանի «Տէր ողորմեա»ն, Մ. Եկմալեանի «Զարթիր որդեակ»ը, Կոմիտասի «Լուսնակը լոյս» երգերը, Կարա Մուրզայի «Ալագեազ բարձր տեղ ա» եւ «Քեզի մեռնիմ» երգերը եւ Կոմիտասի «Կալի երգը»: Ապա Աւետիս Ագրապեան անզուգական մեկնաբանութեամբ կատարեց Տ. Չուխաճեանի «Լէպլէպիճի հոր-հոր» քառեակները, որուն յաջորդեցին Կոմիտասի «Ալագեազ» եւ «Խնկի ծառ» երգերը, նաեւ Գ. Սիւնիի «Այ Եայլի»ն: Բ. Կանաչեանի «Հոյ նար»ը մենակատար՝ Կարօ Քէլէշեան, արժանացաւ ներկաներու բարձր գնահատանքին, որմէ ետք երգչախումբը մեկնաբանեց Կոմիտասի «Երազ»ը: Յայտագիրը վերջ գտաւ Զարեհ եպս. Ազնաւորեանի վերամշակած «Կիլիկիա» մաղթերգով:
Արդարեւ, մօտ մէկ ժամ տեւողութեամբ, 32 անդամներէ բաղկացած «Գուսան» երգչախումբը գեղեցիկ կատարողութեամբ գեղարուեստական վայելքի պահեր նուիրեց հանդիսատեսներուն, որոնք երկարատեւ ծափահարութիւններով յայտնեցին իրենց գոհունակութիւնն ու գնահատանքը: