ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թուրքիոյ վարչապետ եւ իշխող Արդարութիւն ու բարգաւաճում կուսակցութեան նախագահ Ահմետ Տաւութօղլու յայտնած է, որ առաջնահերթութիւն պիտի տայ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան (MHP) հետ համախոհական կառավարութիւն կազմելու ջանքին: Ան այս հաստատումը կատարած է իր կուսակցութեան պատգամաւորներուն հետ հանդիպումի մը ընթացքին:
Թրքական «T24» լրատուական կայքը կը գրէ, որ Տաւութօղլու նաեւ տեղեկութիւններ տրամադրած է Յունիս 7ին Թուրքիոյ մէջ կայացած խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքներուն շուրջ կատարուած վերլուծութեանց մասին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.