«Ո՛չ թալանին» պոռթկացող բողոքի շարժումին երգն ալ անաւարտ պիտի մնայ… ըստ երեւոյթին եւ ըստ ամենայնի։
Ինչպէս որ յանկարծակի պոռթկաց, նոյնպէս անսպասելիօրէն շնչասպառ դարձաւ ու մարմրելու սկսաւ Բաղրամեան պողոտայի Բողոքի երգը։
Հայաստանի իշխանութիւնները եւ քաղաքական վերնախաւը թերեւս սկսած են արդէն հանգիստ շունչ քաշելու՝ մտածելով, որ անգամ մը եւս կրցան… ջուրին երեսը մնալ։
Անոնք հաւանաբար շուտով կը սկսին նաեւ յոխորտալու, որ կրցան մեր երկրին ու ժողովուրդին «խնայել», այսպէս ըսուած, քաղաքացիական ցնցումի եւ խռովարար բախումներու տագնապը։
Բայց կրցա՞ն իրապէս։
Միայն ժամանակը կրնայ պատասխանել։
Մինչ այդ պարզ ու յստակ է, որ Բաղրամեան պողոտային վրայ հնչած ԲՈՂՈՔԻ երգը տակաւին կը սպասէ… իր աւարտին։
Գոնէ «Ո՛չ թալանին» բացագանչողները շատ լաւ կը գիտակցին, թէ ելեկտրականութեան սակագինի բարձրացման որոշումը ոչ միայն չէ ջնջուած, այլեւ անպատիժ մնացած է։
Առ այդ՝ Բողոքի շարժումը ինչպէ՞ս կրնայ հաւատք ընծայել Հայաստանի նախագահին այն հաւաստիացումին, թէ փորձագիտական պատասխանատուութեամբ հարցի քննութենէն ետք, կառավարութիւնը պարտն ու պատշաճը պիտի տնօրինէ։
Այդ հաւաստիացումին հաւանաբար հաւատք կրնան ընծայել բոլոր անոնք, որոնք արդէն յոգնեցան Բաղրամեան պողոտայէն հնչող երգէն եւ կ՛ուզեն, իրենց առօրեայ հոգերուն կամ հաճոյքներուն վերադառնալու համար, այլեւս չլսել մեր երկիրն ու ժողովուրդը ջլատող թալանին դէմ պայքարելու հրամայականին մասին։
Չէ՞ որ ամէն տեղ իշխանաւորները կը թալանեն եւ անպատիժ կը վայելեն իրենց յափշտակած աւարը։
Նոյնիսկ անոնք՝ ձեռնթափ եղողները, ի Հայաստան թէ սփիւռս աշխարհի, վստահաբար պիտի շարունակէին Բաղրամեանի մարտունակ երգով իմաստաւորել իրենց օրը, եթէ երաշխիքը տեսնէին, թէ այս անգամ չեն խաբուած եւ իրապէս հնչած է… թալանճիներուն դատաստանի ժամը։
Այլ խօսքով՝ «Ո՛չ թալանին» շարժումէն այսօր հիասթափ եղողները դեռ երէկ անոր ջերմ հաւատացողներն էին, որոնք կը կազմեն ինչպէս ամէնուր, նաեւ մեր հասարակութեան մէջ քաղաքացիական այն կարեւոր շերտը, որ անպայման յաղթողին կողմը կ՛ուզէ ըլլալ, ընկերային արդար պայքարի յաղթանակին բարիքները վայելելու բնական մղումով։
Ահա ա՛յդ շերտը, այլեւս ճարահատ ու ինքզինք մխիթարելու համար, կ՛ուզէ հաւատալ ու հաւատացնել, թէ Հայաստանի նախագահը վերջին հաշուով ընդառաջեց ելեկտրականութեան սակագինի բարձրացման դէմ ծաւալած Բողոքի շարժումին եւ առկախեց… անընդունելի որոշումին գործադրութիւնը։
Անոնք թող ապրին ու տեսնեն, թէ մինչեւ ե՞րբ կարելի է այսպէս, շարունակ խաբուելու գնով, հաւատք ընծայել թալանի վրայ հիմնուած իշխանութեան այս համակարգին՝ յուսալով, որ անիկա կրնայ ինքզինք սրբագրել…
Ի՞նչ է, 21րդ դարուն Հայաստան պէտք է անցնի 20րդ դարու առաջին կիսուն ժողովրդավար եւ իրաւական հասարակութեանց ապրած այն փուլէ՞ն, ուր ընկերային թալանճիները – մաֆիական ու կանկըսթերական ոճով – անխնայ շարունակեցին իրենց չարաշահումները եւ օրինապահ դարձան միայն այն ատեն, երբ արդէն աւարտած էին իրենց միջեւ… գողօնին բաժանումը։
Երբ իրենք արդէն դրամատէր դարձած էին եւ օրէնքի ուժով կ՛ուզէին ոչ միայն պահպանել իրենց յափշտակածը, այլեւ՝ արգելք կանգնիլ նորընծայ թալանճիներու մրցակցութեան ու սպառնալիքին։
Եթէ յետխորհրդային Ռուսիոյ դրամատիրական վերամկրտութիւնը իմաստ մը ունի Հայաստանի համար, պէտք չէ զարմանալ, որ վայրագ հասարակափոխութեան խաղականոնները մեր աչքին առջեւ կը պարտադրուին նաեւ մեր երկրին ու ժողովուրդին։
Ելեկտրականութէան սակագինը բարձրացնողը չի՞ կրկներ Մարի Անթուանէթի հեգնանքը. «Եթէ հաց չունիք, կարկանդակ կերէք…»:
Բայց տագնապը շատ անդին կ՛անցնի՝ ելեկտրականութեան սակագինի բարձրացումէն։
Ամբողջ կառավարման համակարգի արմատական բարեկարգման օրակարգը կը դիմագրաւենք։
Ահա դարձեալ մեր ժողովուրդը իր մէջ գտած է ուժը, որպէսզի մէկ մարդու պէս ոտքի կանգնի եւ վաղուան մեր օրը ձերբազատէ չարաշահող ցեցերու պատճառած աւերէն ու աղէտէն։
Ծանրակշիռը այն է, որ «Ո՛չ թալանին» բացագանչութեամբ փողոց իջած Բողոքի շարժումը, խաղաղ ցոյցերով ժողովուրդի ձայնը լսելի եւ հանրապարտադիր դարձնելու իր ինքնավստահութեան մէջ, անգամ մը եւս կը դիմագրաւէ ձախողութեան ուրուականը։
Ձախողութեան ուրուականը ծանր կը ճնշէ, որովհետեւ Բաղրամեան պողոտային վրայ իշխանափոխութեան քաղաքական պահանջ չներկայացնելով հանդերձ՝ զուտ ընկերային եւ կենցաղային արդար բողոքի շարժումը ի վիճակի չեղաւ ժողովուրդին կամքը պարտադրելու իշխանութեանց։
Անշուշտ որ քաղաքացիական եւ քաղաքական հասունութեան ցուցանիշ չէր գովազդային այն զեղուն յանկերգը, որ Բաղրամեան պողոտայի Բողոքի երգին սկզբնաւորութեան, հետեւողականօրէն, դրուատեց շարժումը քաղաքականացումէ հեռու պահելու եւ ընկերային պահանջատիրութեան հունով յառաջ մղելու ցուցարարներուն «ողջմտութիւն»ը։
Հասարակական կեանքի մէջ ամէն օրէնք եւ կանոն անխուսափելիօրէն քաղաքական ակունք կամ անդրադարձ ունի, որովհետեւ ինչպէս որ Արիստոտել իրաւացիօրէն նկատած էր դարեր առաջ՝ մարդ էակը ի վերջոյ «քաղաքական կենդանի» մըն է։
Ու այդպիսին ալ կը մնայ մեր դարուն։
Բայց չէ՞ որ «մերն ուրիշ է» եւ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՈՂՈՔԻ Շարժումը կը զատորոշուի քաղաքականացած չըլլալու իր առանձնայատուկ հանգամանքով…
Սպասենք քիչ մըն ալ, մինչեւ որ իր աւարտը գտնէ Բաղրամեան պողոտայի երգը։
Ելեկտրականութեան սակագինը բարձրացնելու կառավարական որոշումը ջնջել տալով՝ Բաղրամեանի Բողոքի շարժումը անշուշտ որ վերջ տուած պիտի չըլլար մեր հասարակութիւնը հիւծող թալանին։
Բայց անպայման առաջին քարը պիտի նետէր «Պասթիյը քանդել»ու երկար ու դժուարին ճամբուն վրայ։
Իշխանութիւնները կրնան, քաղաքական հազարումէկ խաղեր ի կատար ածելով, Բաղրամեանը պարպել… ցուցարարներէ։ Բայց չեն կրնար, գլխագի՛ր ՉԵՆ ԿՐՆԱՐ առաջքը առնել բողոքի եւ ցասումի անխուսափելի նորանոր պոռթկումներուն, այնքան ատեն որ քաղաքական իշխանութեան այսօրինակ խաթարուած համակարգին պահպանման հաւատարմագրուած են։ Սեփական ժողովուրդի Բողոքին անսալու փոխարէն։