ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– 15 օրերէ ի վեր խիտ շարքերով եւ վճռական կերպով Բաղրամեան պողոտային վրայ ելեկտրականութեան սակի բարձրացման դէմ պայքարող ցուցարարները 6 Յուլիսին ոստիկանութեան կողմէ հեռացուեցան այդ պողոտայէն եւ իրենց շարժումը փոխադրեցին Ազատութեան հրապարակ։
6 Յուլիսին ոստիկանութիւնը հրապարակած էր յայտարարութիւն մը՝ յայտնելով, որ այդ օրը պիտի բանայ Բաղրամեան պողոտան: Ցուցարարներուն ժամանակ տրուած էր մինչեւ ժամը 12:30 հեռանալ պողոտայէն: Հակառակ ոստիկանութեան յորդորներուն՝ ցուցարարները նստած են փողոցը եւ շարունակած են նստացոյցը: Բաղրամեան պողոտային վրայ ոստիկանական ուժերուն թիւը ժամը 13:00ի շուրջ մեծապէս աւելցած է, անոնք պողոտային վրայ նստած ցուցարարներուն մեծ մասը՝ ոտքերէն բռնած, գրկած վիճակի մէջ բերման ենթարկած են, իսկ շղթայ կազմելով միւս մասն ալ հեռացուցած է դէպի մայթ:
Այդպիսով Բաղրամեան պողոտան բացուած է, երթեւեկութիւնը՝ վերականգնած:
Գործողութեան ընթացքին բերման ենթարկուած է 46 քաղաքացի։
Բաղրամեան պողոտայէն ոստիկանութեան Արաբկիրի բաժին բերման ենթարկուած բոլոր անձերը ազատ արձակուած են, սակայն անոնցմէ մէկը՝ 50ամեայ տղամարդ մը մերժած է լքել ոստիկանութեան բաժինը՝ պնդելով, որ իրեն նկատմամբ բռնութիւն գործադրուած է: Այդ քաղաքացին կը պահանջէր իրեն դատական բժիշկի ուղեգիր տրամադրել:
Ընդհանուր առմամբ, ոստիկանութեան Արաբկիրի բաժին բերման ենթարկուած են 4 աղջիկներ:
Անոնցմէ մէկը «Նիուզ»ի լրագրողին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին նշած է, որ բերման ենթարկելու ատեն 50ամեայ տղամարդը անհանգստացած է. «Ես տեսայ, ոնց էին նրան քաշքշում», ըսած է ան։
Ազատ արձակուած են նաեւ ոստիկանութեան Կենտրոնականի բաժին բերման ենթարկուած բոլոր ցուցարարները:
Հայաստանի փոխոստիկանապետ Յունան Պօղոսեան յայտարարած է. «Բաղրամեան պողոտայից բերման ենթարկուածների մեծ մասն արդէն ազատ են արձակուել, ձերբակալուածներ չկան, քրէական գործչի յարուցուել ոչ մի ցուցարարի դէմ: Ցանկացած ակցիա օրինականութեան դաշտում է թոյլատրելի: Բողոքներ կան, որ բերման ենթարկելու ժամանակ որոշ ցուցարարներ բռնութեան են ենթարկուել, մենք ուսումնասիրում ենք: Մեր ներկայութիւնն այնտեղ նրա համար էր, որ պրովոկատորների ու սադրիչների բոլոր գործողութիւնները կանխարգելէինք եւ նման ոչ մի բան չլինէր: Մեր աշխատակիցները հրահանգուած էին ուժ չգործադրել», յայտնած է ան։
Փոխոտիկանապետը դժգոհած է, որ Բաղրամեան պողոտայի երթեւեկութիւնը վերականգնելու ընթացքին լրագրողները մեծ դժուարութեամբ հեռացած են հրապարակէն, ինչ որ անթոյլատրելի է։
Բաղրամեան պողոտային վրայ ելեկտրականութեան գինի բարձրացման դէմ պայքարող քաղաքացիներուն մէկ մասը ոստիկանական ինքնաշարժներով իր իրերը Բաղրամեանէն տեղափոխած է Ազատութեան հրապարակ։ Ցուցարարներու այլ մաս մը որոշ ժամանակ մը մնացած է Բաղրամեան պողոտային մայթերուն վրայ՝ քաղաքացիներուն կոչ ուղղելով միանալ իրենց եւ պահանջել ձերբակալուած ցուցարարներու ազատ արձակումը։
Այս հարցով պայքարող քաղաքացիները Ազատութեան հրապարակին վրայ առաջարկած են, որ հոսանքի սղելուն դէմ պայքարը տեղափոխել քաղաքական հարթակ: Ցուցարարաներէն Գագիկ Եղիազարեան 6 Յուլիսին Ազատութեան հրապարակին վրայ կայացած հանրահաւաքին ընթացքին քաղաքական պատգամ ունեցող երիտասարդներուն կոչ ուղղած է իրենց միանալու։
«Մեր պայքարը մտել է նոր փուլ, այդ պատճառով պէտք է ձեւակերպենք յաջորդ փուլի խնդիրը, ստեղծուած իրավիճակում միայն տնտեսական հարթութիւնում հնարաւոր չէ լուծել այս խնդիրը, այս շարժումը կարիք ունի քաղաքական խորութիւն ձեռք բերելու: Դա հնարաւոր է կազմակերպել շարժման հենքի վրայ», յայտնած է ան՝ նշելով, որ իրենք պատրաստ են հարթակ տրամադրել բոլոր անոնց, որոնք քաղաքական պատգամ ունին փոխանցելիք:
Ցուցարարներէն Նարեկ Այվազեան իր խօսքին մէջ կոչ ուղղած է ստեղծելու նոր խումբեր եւ քննարկումներու միջոցով յստակացնելու յառաջիկային կատարուելիքներն ու որդեգրուելիք մարտավարութիւնը:
Ցուցարարներէն Արմէն Մկրտչեան, որ նաեւ Հայազն կուսակցութեան անդամ է, «Նիուզ»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտարարած է, որ 6 Յուլիսի երեկոյեան պիտի համախմբուին Ազատութեան հրապարակին վրայ։ «Արդէն արժանապատուութեան հարցն է խօսում: Մենք կը սպասենք մեր ընկերներին եւ նրանց հետ կ՛որոշենք մեր հետագայ անելիքը: Կոչ ենք անում քաղաքացիներին, որ գան ու կանգնեն այն 50 հոգու կողքին, ովքեր պայքարում են իրենց համար», յայտնած է ան։
Միւս կողմէ, Երեւանի աւագանիի «Բարեւ Երեւան» խմբակցութեան անդամ Դաւիթ Սանասարեան հացադուլ յայտարարած է. «Հացադուլ եմ յայտարարում, որն ուղղուած չէ Հայաստանի իշխանութիւններին, այլ ուղղուած է Հայաստանի քաղաքացիներին: Հացադուլը շարունակելու եմ այնքան ժամանակ, մինչեւ այնքան մարդ հաւաքուի Ազատութեան հրապարակում, որ Բաղրամեան 26 շարժուելուց կարողանանք դիմագրաւել ոստիկանական պատնէշին», ըսած է ան։
Հանրահաւաքի ներկաներէն շատեր բացասական կերպով արձագանգած են Դաւիթ Սանասարեանի այդ քայլին։