
Կիրակի, 5 Յուլիս 2015ի երեկոյեան, հանգամանօրէն իրենց աւարտին հասան ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 40րդ մարզախաղերը, որոնք կը վայելէին ծանօթ ՀՄԸՄականներ Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեաններու պատուոյ նախագահութիւնը:
Փակման հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ ժամը 5ին, Պըրմինկհամ Հայ սքուլի Ֆութպոլի մարզադաշտին վրայ, բազմահազար ՀՄԸՄասէրներու ներկայութեամբ եւ աւելի քան երեք հազար մարզիկ-մարզիկուհիներու մասնակցութեամբ:
Ամերիկեան, Հայաստանի եւ ՀՄԸՄի դրօշները անկարգելներով դաշտ ներկայացան՝ մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծելով մասնակիցներուն մօտ: Օրուան խօսնակներն էին Նորա Չափարեան եւ Թուխման Խաչատուրեան, որոնք պատուոյ հարթակ հրաւիրեցին առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանը, պատուոյ նախագահներ Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեանները, Տիպար ՀՄԸՄական Ժիրայր Սարգիսեանն ու Շրջանային վարչութեան ատենապետ Մանուէլ Մարսէլեանը, որոնք Շրջանային վարչութեան կարգ մը անդամներու ընկերակցութեամբ պատուոյ հարթակ առաջնորդուեցան: Ապա, ներկաները հրաւիրուեցան վայրկեան մը յոտնկայս յարգելու յիշատակը Հայոց Ցեղասպանութեան մէկու ու կէս միլիոն նահատակներուն, որոնց անմար յիշատակին նուիրուած էին Նաւասարդեան մարզախաղերը:
Այնուհետեւ, Շրջանային վարչութեան ատենապետին արտօնութեամբ եւ ՀՄԸՄի «Արարատ» մասնաճիւղի միաւորի խմբապետներէն Շանթ Միրզայեանի հրահանգով հանդիսութիւնը բացուած յայտարարուեցաւ: ՀՄԸՄի դրօշակակիրներու խումբը հաստատակամ քալուածքով մարզադաշտ ներկայացուց Ամերիկայի, Հայաստանի, Արցախի, Քալիֆորնիոյ, ՀՄԸՄի եւ Նաւասարդեանի դրօշները՝ Շրջանային վարչութեան նուագախումբին առաջնորդութեամբ: Անոնք պատուոյ հարթակին դիմաց պատուի կանգնեցան եւ քարացած ունկնդրեցին Ամերիկայի, Հայաստանի եւ ՀՄԸՄի քայլերգները, որոնք նոյնպէս նուագուեցան Շրջանային վարչութեան նուագախումբին կողմէ:
Պաշտօնական հիւրերու ներկայացումէն ետք, սրտի իր խօսքը փոխանցեց Կլենտէյլի քաղաքապետարանի քարտուղար Արտաշէս (Արտի) Քացախեան: ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեան պատգամը փոխանցեց ատենապետ Մանուէլ Մարսէլեան, իսկ Կեդրոնական վարչութեանը Յակոբ Թիւֆէնքճեան:
Հայրական իր օրհնութիւնները փոխանցեց թեմիս առաջնորդ Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան:
ՀՄԸՄի Ֆրեզնոյի «Սասուն» մասնաճիւղէն փոքրիկն Ռուբէն Համամճեան մեներգեց Թալիաթ Փաշայի ահաբեկման նուիրուած երգը, որուն յաջորդեց հանդիսութեան գլխաւոր առանցքը հանդիսացող տողանցքը: Շրջանի 17 մասնաճիւղերու սկաուտական եւ մարզական խումբերն ու անդամները, իրենց վարչութիւններու գլխաւորութեամբ եւ Շրջանային վարչութեան նուագախումբի ազգայնաշունչ քայլեղանակներու ստեղծած խանդավառութեամբ՝ տողանցեցին, բարեւեցին ներկաները, պատուոյ հարթակէն ստանձնեցին իրենց յաղթանակի բաժակները եւ հպարտութեամբ մարզադաշտին վրայ գրաւեցին իրենց տեղերը:
Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ Նաւասարդեանի դրօշը պատուոյ նախագահ տէր եւ տիկին Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնէաններուն յանձնումով:
Այնուհետեւ Նաւասարդեան խրախճանքը շարունակուեցաւ փառատօնի շրջափակին մէջ, ուր արդէն իսկ չորս օրեր նոյն ուրախ մթնոլորտը կը տիրէր շրջանի արուեստագէտներու հրամցուցած երաժշտական գեղեցիկ ծրագիրներով:
Ուրբաթ, 3 Յուլիսի երեկոյեան, «Պեվըրլի Հիլթըն» պանթոկի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 40րդ մարզախաղերու յաղթանակի պարահանդէսը: Նաւասարդեան բոլոր ձեռնարկներուն մասին մանրամասն կ՛անդրադառնանք յառաջիկային: