ԵՐԵՒԱՆ, «Հայկական Ռատիօ».- Յուլիս 7ին, Հայաստանի չորս՝ Արարատի, Արմաւիրի, Վայոց Ձորի ու Սիւնիքի մարզերուն մէջ գործող գաղթականական տեղեկատուական ու խորհրդատուական կեդրոնները, որոնք սկսած են գործելու Յուլիս 1, 2013ին, պաշտօնապէս յանձնուած են աշխատանքի ու սոցիալական հարցերու նախարարութեան:
Գաղթականական կեդրոնները ստեղծուած են ԵՄ ֆինանսաւորումով եւ կ՛իրականացուէր «Մարդը կարիքի մէջ» կազմակերպութեան հայաստանեան ներկայացուցչութեան կողմէ:
Վերջին տարիներուն Հայաստանէն արտագնայ աշխատանքի կ՛ուզեն մեկնիլ նոյնիսկ այն մարզերու բնակիչները, ուր գիւղատնտեսութիւնը զարգացած է:
Աւանդաբար, աշխատանքի համար այլ երկիրներ կը մեկնին Արմաւիրէն, Շիրակէն, Լոռիէն ու Գեղարքունիքէն:
«Մարդը կարիքի մէջ» կազմակերպութեան հայաստանեան ներկայացուցչութեան գաղթականական ծրագիրի ղեկավար Տաթեւիկ Բեժանեանի համաձայն՝ բաւական մեծ է թիւը այն անձերուն, որոնք իրենց կեդրոն դիմելով կ՛ուզեն անպայման ծանօթանալ Ռուսիոյ գաղթականութեան օրէնքին եւ անհրաժեշտ քայլերուն, որպէսզի կարենան Հայաստանէն մեկնիլ:
«Ի հարկէ՝ մեկնողների ու վերադարձողների պատկերը փոխուեց 2014ին, երբ ՌԴ միգրացիոն օրէնսդրութիւնը փոփոխուեց ու աւելի խստացուեց: Այս պահի դրութեամբ մօտ 35 հազար ՀՀ քաղաքացի մուտքի արգելքի տակ չի կարողանում մեկնել Հայաստանից, 170 հազարից աւելին գտնւում է ՌԴում՝ ռիսկի գօտում, եւ որ պահին լքի երկիրը, այլեւս չի կարող մեկնել, որովհետեւ առնուազն երեք ամսից մինչեւ տասը տարի նրանց մուտքը կը փակուի: Շատերի մօտ այնքան ժամանակով է խախտումը, որ մինչեւ տասը տարի կարող են արտաքսման ենթարկուել: Դրա համար այս պահին թիւը բաւականին փոփոխուած է», պարզաբանած է Բեժանեան:
Անոր տուեալներով մեկնողներու 77 տոկոսը 18-55 տարեկան տղամարդիկ են, 23 տոկոսը՝ կիներ: Կիներու մեծ մասը հիմնականին մէջ մեկնող տղամարդոց ընտանիքի անդամներն են:
Մեկնողներուն մօտաւորապէս 20 տոկոսը բարձրագոյն ուսում ունի, մնացած 80 տոկոսը՝ միջնակարգ կամ միջին մասնագիտական:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.