ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Ազատութեան հրապարակին վրայ գիշերը խաղաղ անցած է, հոն գիշերած են շուրջ 70 քաղաքացիներ, տարածքին հսկած են նոյնքան թիւով ոստիկաններ։
7 Յուլիսին «Նիուզ»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնած է նախորդ օրէն հացադուլի սկսած գործիչ, «Բարեւ Երեւան» խմբակցութեան անդամ Դաւիթ Սանասարեան:
«Գիշերը շատ խաղաղ է անցել: Ստեղ մնացել էին 60-70 հոգի եւ այդչափ էլ ոստիկաններ կային տարածքում: Մինչեւ առաւօտ քննարկումներ էին անում, մի մասն էլ քնած էր: Առաւօտեան ցուցարների մի մասը գնացին», ըսած է ան։
Նշենք, որ ներկայ դրութեամբ Ազատութեան հրապարակին վրայ կան շուրջ տասնեակ մը ցուցարարներ, որոնց կէսը քնացած է: Ցուցարարներուն կը միանան այլ քաղաքացիներ: Տարածքին կը հսկեն տասնեակ մը ոստիկաններ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.