ԵՐԵՒԱՆ.– Լրագրող Գարիկ Աւետիսեան կը գրէ, թէ արդէն 7րդ անգամն ըլլալով «Հայ խոհարարական աւանդոյթների զարգացման եւ պահպանման» հասարակական կազմակերպութիւնը՝ ի դէմս Սեդրակ Մամուլեանի, Երեւանի մէջ կը կազմակերպէ «Հացը լեռներում» տօնածիսական փառատօնը: Այս անգամ անիկա տեղի ունեցած է Թումանեանի այգիին մէջ: Փառատօնը կազմակերպուած է Երեւանի քաղաքապետարանի «Երեւանեան ամառ-2015» եռամեայ ծրագիրով:
Այս տարի տօնածիսական փառատօնը կը կրէր «Համով-հոտով Երեւան» խորագիրը։
Ըստ «Հայ խոհարարական աւանդոյթների զարգացման եւ պահպանման» հասարակական կազմակերպութեան տնօրէն Սեդրակ Մամուլեանի՝ «սա կարեւոր միջոցառումներից մէկն է, որովհետեւ բովանդակութեան մէջ ներառում է սննդի համակարգը: Այն կոչւում է տօնածիսական կերակուրների ցուցահանդէս-փառատօն: Առաջնային խնդիրն է տարածել այն կերակուրները, որ մեզ ժառանգուել է մեր մեծերի կողմից»:
Փառատօնին մասնակցած են Երեւանէն, ինչպէս նաեւ այլ շրջաններէ հասարակական կազմակերպութիւններ, ուսումնական հաստատութիւններ ու ճաշարաններ: Նախաձեռնութեան գլխաւոր հիւրն էր Վլադիմիր Նիկողոսեանը, որ Ուդուլի տոլմայի համահայկական փառատօնին հռչակուած է որպէս «ճագարով տոլմայի պատրաստման արքայ», «Լաւագոյն համ» մրցումին իր խումբին հետ գրաւած է պատուաւոր առաջին դիրքը՝ արժանանալով պատուոյ գիրի եւ մետալի։
Նախաձեռնութեան ընթացքին գործադրուած է համերգային ծրագիր, ելոյթ ունեցած են պարային, ազգագրական համոյթներ ու սիրուած երգիչ-երգչուհիներ:
Աւարտին բոլոր մասնակիցները շնորհակալական գիրեր ստացած են Երեւանի քաղաքապետարանի մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան վարչութեան եւ «Հայ խոհարարական աւանդոյթների զարգացման եւ պահպանման» հասարակական կազմակերպութեան կողմէ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.