ԵՐԵՒԱՆ.– Եւրոպական միութիւնը 2015 թուականին 6 միլիոն եուրօ արժողութեամբ դրամական օժանդակութիւն փոխանցած է Հայաստանի կառավարութեան՝ գիւղատնտեսութեան եւ գիւղական շրջաններու զարգացման նպատակով:
Եւրոպական միութեան երեւանեան գրասենեակէն յայտնած են, որ գումարը Հայաստանի կառավարութեան տրամադրուած է Գիւղատնտեսութեան եւ գիւղական շրջաններու զարգացման եւրոպական հարեւանութեան ծրագիրով։
Հաստատելով գումարին փոխանցումը՝ Հայաստանի մէջ Եւրոպական միութեան պատուիրակութեան ղեկավար Թրայեան Հրիսթէան շնորհաւորած է Հայաստանի կառավարութիւնը եւ յատկապէս Գիւղատնտեսութեան նախարարութիւնը՝ նախորդ տարի գիւղատնտեսական ոլորտին վերաբերեալ ներկայացուած ընդհանուր պայմանները բաւարարելու առնչութեամբ:
«Ես կը հասկնամ, որ ներկայիս կ՛իրականացուին յաջորդ կարեւոր քայլերը, ինչպէս օրինակ՝ գիւղատնտեսական զարգացման ռազմավարութեան միջնաժամկէտ վերանայումը, որուն հիման վրայ երկրորդ հանգրուանին պէտք է մշակուի 2015-2025 թուականներու նոր ռազմավարութիւնը:
Ես կարեւոր կը նկատեմ այն, որ այս գործընթացը ներառական է, ունի յստակ նպատակներ, արդիւնքներ եւ ցուցիչներ, ինչպէս նաեւ աւարտին հասցուած է ժամանակին», նշած է եւրոպացի դեսպանը:
2014 թուականի Դեկտեմբերին Եւրոպական միութիւնը հաստատած էր «Գիւղատնտեսութեան եւ գիւղական շրջաններու զարգացման եւրոպական հարեւանութեան ծրագիր»ի ծիրին մէջ Հայաստանի կառավարութեան 25 միլիոն եուրոյի ֆինանսական օժանդակութեան տրամադրումը:
Ծրագիրը պիտի իրականացուի 3 տարիով, որուն ընթացքին Հայաստանի պետական պիւտճէն պիտի համալրուի 20 միլիոն եուրոյով՝ գիւղատնտեսութեան եւ գիւղական շրջաններու կայուն զարգացման համար: Յաւելեալ 5 միլիոն եուրօ ալ պիտի տրամադրուի գիւղատնտեսութեան նախարարութեան եւ գիւղատնտեսական խումբերուն։