ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Ընկերվար միջազգայնականի խորհուրդը Նիւ Եորքի մէջ գումարած իր նիստին ընթացքին որոշած է քայլերու ձեռնարկել Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման համար:
Կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Լուի Այալա յայտնած է, որ երկօրեայ քննարկումներուն իբրեւ արդիւնք կառոյցի անդամ ՀՅԴ եւ Թուրքիոյ Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ եկած են համաձայնութեան՝ հաշուի առնելով վերջին շրջանին շարք մը ազգային խորհրդարաններու եւ վերազգային հաստատութիւններու կողմէ ցեղասպանութեան ճանաչումն ու դատապարտումը: Այալա ըսած է, որ Ցեղասպանութեան 100ամեակի ծիրին մէջ կ՛ուզեն կլոր սեղան կամ լսումներ կազմակերպել հետեւեալ հարցադրումով. «Արդեօք Թուրքիոյ կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը իրապէս պիտի հաշտեցնէ՞ Հայաստանը եւ Թուրքիան»:
Այս առթիւ յայտարարութեամբ հանդէս եկած է ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Կիրօ Մանոյեան՝ շեշտելով, որ այդ քննարկումը պէտք չէ ըլլայ պատմական եղելութեան շուրջ, ինչ որ կը փափաքի Թուրքիան: Ան ներկայացուցած է այն բոլոր փաստարկները, թէ ինչու Ընկերվար միջազգայնականի նման միջազգային կազմակերպութիւն մը պէտք է աշխոյժ դիրքորոշում ունենայ Հայոց Ցեղասպանութեան դատապարտման արշաւին մէջ:
Մանոյեան նշած է, որ Թուրքիան մինչեւ հիմա կը շարունակէ ուրացման, ժխտման քաղաքականութիւնը եւ փակ կը պահէ դէպի Հայաստան ցամաքային ճամբան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.