ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա».- Մասնագէտները կը շարունակեն իրենց ուշադրութիւնը սեւեռել բարդ յղութեան եւ վաղաժամ ծննդաբերութեան դէպքերուն վրայ: Անոնք կարեւոր կը համարեն նորածինի խնամքի բարելաւման ծրագիրները՝ կրճատելու համար նորածնային մահացութեան ցուցանիշը:
Վիւասել եւ «BirthLink»ի աջակցութեամբ, Սիսիանի նորածնային բաժինը մօտաւորապէս երկու տարի առաջ համալրուած է բարձրակարգ սարքաւորումներով: Համալիր աջակցութեան արդիւնքով՝ այդ ընթացքին լոյս աշխարհ եկած 503 նորածիններէն 48ի կեանքը փրկուած է այդ սարքերու առկայութեան արդիւնքով: Միայն ընթացիկ տարուան եօթ ամիսներուն ընթացքին փրկուած է 16 նորածինի կեանք:
Յիշեցնենք, որ մայրաքաղաքի եւ մարզային նորածնային բաժանմունքները գերժամանակակից սարքաւորումներով համալրելու ծրագիրը մեկնարկած էր 2008ին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.