ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 8 Յուլիսին Բրիտանիոյ խորհրդարանին մէջ ելոյթ ունեցած է։
Լեռնային Ղարաբաղի նախագահի մամլոյ գրասենեակէն կը տեղեկացնեն, որ իր ելոյթին մէջ նախագահը անդրադարձած է Արցախի պետականաշինութեան, ընկերային-տնտեսական զարգացման, ատրպէյճանական-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման. ապա ան պատասխանած է իրեն ուղղուած հարցումներուն։
Նախագահը ընդգծած է, որ Արցախի մէջ յատուկ ակնածանք ու յարգանք կայ Բրիտանիոյ նկատմամբ, որ՝ որպէս միջազգային քաղաքականութեան ազդեցիկ տէրութիւն, կը հանդիսանայ ժողովրդավարութեան ու եւրոպական քաղաքակրթութեան բնօրրաններէն մէկը:
«Արցախը շահագրգռուած է խորհրդարանական կապերի խորացման, գիտակրթական եւ մարդասիրական ոլորտներում Մեծ Բրիտանիայի հետ յարաբերութիւնների զարգացման մէջ», հաստատած է նախագահը։ Ըստ անոր՝ նման լաւատեսութիւն առաջին հերթին պայմանաւորուած է Բրիտանիոյ խորհրդարանին մէջ Արցախի եւ հայ ժողովուրդի անկեղծ ու հաւատարիմ բարեկամներու առկայութեամբ:
Հանդիպման ներկայ եղած են Բրիտանիոյ եւ Հիւսիսային Իրլանտայի մօտ Հայաստանի դեսպան Արմէն Սարգսեան եւ պաշտօնատար այլ անձեր:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.