ԵՐԵՒԱՆ.– Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան 7 եւ 8 Յուլիսին Լոնտոնի մէջ հանդիպումներ ունեցած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան, Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան Բրիտանիոյ կառոյցներու ղեկավարներուն եւ ներկայացուցիչներուն հետ: Հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուած են Արցախի պետականաշինութեան, ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան, Արցախ-Սփիւռք համագործակցութեան վերաբերող շարք մը հարցեր:
Երկրին ղեկավարը կարեւոր նկատած է քաղաքական կուսակցութիւններու դերակատարութիւնը Արցախին սատարելու, համազգային կարեւորագոյն խնդիրներու լուծման, հայրենիք-Սփիւռք կապերու ամրապնդման իմաստով:
8 Յուլիսին նախագահ Բակօ Սահակեան Լոնտոնի մէջ հանդիպում ունեցած է նաեւ Հայ Օգնութեան Միութեան, Համազգային Մշակութային Միութեան եւ ՀՄԸՄի Բրիտանիոյ կառոյցներու ներկայացուցիչներուն հետ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Արցախի հետ փոխգործակցութեան վերաբերող հարցեր:
Նախագահ Սահակեան բարձր գնահատած է վերոյիշեալ համահայկական կազմակերպութիւններուն դերակատարութիւնը Սփիւռքի մէջ հայ ազգային ինքնութեան պահպանման, հայրենիքի հետ կապերու ամրապնդման եւ ազգային խնդիրներու լուծման մէջ: