ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Սերպիոյ մէջ աւարտած է «Ոսկի Ձեռնոց» մրցաշարքը, որուն ծիրէն ներս հայ բռնցքամարտիկները նուաճած են երկու ոսկի եւ մէկ պրոնզ մետալներ: Երիտասարդուհիներու աշխարհի ախոյեան Անոյշ Գրիգորեան (50 քլկ.) եւ Անի Յովսէփեան (60 քլկ.) առաջին տեղերը գրաւած են: Դաւիթ Չալոյեան (91 քլկ.) կիսաեզրափակիչ հանգրուանին պարտուած է Ռուսիան ներկայացնող Արտիոմ Միքայէլեանին դիմաց եւ բաւարարուած պրոնզէ մետալով:
Յարութիւն Նազարեանի եւ Ռուդիկ Մկրտչեանի գլխաւորութեամբ, Հայաստանի երիտասարդական հաւաքականը մրցաշարքին մասնակցած էր 6 բռնցքամարտիկներով: «Ոսկի Ձեռնոց» մրցաշարքին մասնակցեցաւ 236 բռնցքամարտիկ՝ 29 տարբեր երկիրներէ: