«Գանձասար».- Հալէպի ՀԵԸի «Անժէլ Գավաֆեան» սրահը Երկուշաբթի, 29 Յունիսին երեկոյեան դարձաւ ժամադրավայրը հալէպահայ գրասէրներուն, որոնք անտեսելով քաղաքի տագնապալի իրավիճակը՝ եկան միասնաբար ըմբոշխնելու նորահաս երիտասարդի մը՝ Նուպար Նալպանտեանի «Մթնշաղի Աստղեր» գրքոյկը, որ հեղինակի անդրանիկ ժողովածոն է:
Շնորհահանդէսի հանդիսավարուհի Մարինէ Տարագճեան ներկաներուն բարի գալուստ մաղթելէ ետք նշեց, թէ 1997ին Հալէպ ծնեալ Նուպար Նալպանտեան բանաստեղծութիւններ գրելու իր առաջին փորձերը կատարած է 16 տարեկանէն սկսեալ՝ քաջալերանք գտնելով հայերէնի իր ուսուցիչներէն՝ Զեփիւռ Թամերեանէն եւ Յակոբ Միքայէլեանէն: Իր քերթուածներէն ոմանք լոյս տեսած են «Գանձասար» շաբաթաթերթին մէջ:
Տարագճեան շնորհակալական խօսք ուղղեց երիտասարդ գրողին՝ գրականութեան աշխարհէն ներս իր ձեռք բերած առաջին շօշափելի յաջողութեան համար:
Գիրքին ծննդոցը եւ բովանդակութիւնը ներկայացուց մանկավարժ եւ գրող Մարգարիտ Շամիլեան: Ան նկատել տուաւ, թէ Նուպարի առաջին գրական փորձերու պատկառելի թուաքանակ ներկայացնող գրքոյկը այլ բան չէ, եթէ ոչ բուռն զգացումներու յորդող գետ, որ ունի ակունք եւ դեռ երկար ճանապարհ կրնայ կտրել ու անցնիլ: Անոր գրական պոռթկումներու առաջին երախայրիքը ոչ թէ երիտասարդի գրական անդաստանէն ներս մուտք գործելու շտապողականութեան արդիւնք է, այլ՝ սիրելի ծննդավայրի հրաժեշտի խօսք, երախտագիտական փաստացի ապացոյց: Գիրքը նման է յուշատետրի մը, որուն ընդմէջէն կը ծանօթանանք հեղինակի յուզախառն պատանեկութեան եւ փոթորկոտ երիտասարդութեան:
Շամիլեան յայտնեց, թէ գիրքին մէջ զետեղուած են մտերիմ ընկերներու, հարազատներու եւ ուսուցիչներու նկարներ, որոնք հատորի էջերը գունաւորելու համար չեն, այլ՝ յաւերժացնելու անցեալին ապրուած երանելի կեանքը: Նոյն էջերուն վրայ տեղադրուած են թեւաւոր խօսքեր: Բանաստեղծութիւնները վերնագիրներու բաժանումին տակ չեն տեղադրուած, եւ կարելի է սիրոյ նուիրուած կտորի մը կողքին համամարդկային կտորի մը հանդիպիլ: Հեղինակը զանազան թեմաներ շօշափած է, ինչպէս՝ բողոք, որոնում, ափսոսանք, Մեծ Եղեռն, սէր ու յարգանք մօր եւ ուսուցիչի հանդէպ: Ապա ան յիշեց, թէ գիրքի հրատարակութեան աշխատանքին ներդրում ունեցած են Մանուէլ Քէշիշեան ու Լեւոն Շառոյեան, համակարգիչի վրայ՝ Մարտիրոս Տոլմաճեան, իսկ տպագրական աշխատանքը տարած է Վաչէ Գայթանճեան («Ոսկետառ» տպարան):
Աւարտին Շամիլեան շնորհակալութիւն յայտնեց կեանքին, որ տառապանքի ընդմէջէն կը բիւրեղանայ եւ կը ծնի լաւը:
Գիրքի ներկայացման ընթացքին մէջընդմէջ հրամցուեցան պատառիկներ, որպէս նախաճաշակ ընթերցասէր հաւաքականութեան, ինչպէս՝ «Անցեալը Ու Ներկան», «Շատ», «Հերիք Է», «Բարեւ Ձեզ», «Առաջին Ու Վերջին» կատարողութեամբ Երան Զէյթունցեանի, Թամար Աղայեանի, Նանոր Ֆերմանեանի եւ Աւօ Գազանճեանի:
Ապա գիրքին հեղինակը «Մնաք Բարով» քերթուածով իր սրտի խօսքը ուղղեց ներկաներուն:
Այնուհետեւ գրող, դասախօս եւ հայերէնաւանդ ուսուցիչ Լեւոն Շառոյեան ներկայացուց գիրքը: Ան յայտնեց, թէ ամէնուրեք մահուան շուքին տակ եւ տառապանքի մթնոլորտին մէջ Հալէպի ծոցէն ծնած երիտասարդի մը բանաստեղծութեան հակում ունենալն ու գիրքի հրատարակութեան ձեռնարկելը կը նշանակէ գաղութի հոսանքն ի վեր թիավարումը: Շառոյեան նշեց, որ առաջին ակնարկով՝ բանաստեղծութիւն եւ պատերազմ հակասական երեւոյթներ են: Արդի բանաստեղծութիւնը մեզ կը հրէ դէպի կեանք, ուստի այս գիրքին մէջ տեղ գտած բանաստեղծութիւնները ուղղակի ցոլացումն են մեր առօրեային: Սոյն բանաստեղծութիւնները նախերգանք մը կը կազմեն մուտք գործելու հայ բանաստեղծութեան ընդարձակ պարտէզէն ներս՝ համտեսելու այնտեղի հսկայ ծառերու պտուղներն ու վայելելու երփներանգ ծաղիկներու բոյրը:
Ապա ներկաներուն տրամադրուեցան հեղինակի նորատիպ գիրքէն օրինակներ:
Շնորհաւորանքներու եւ բարի մաղթանքներու ջերմ մթնոլորտի մէջ աւարտին հասաւ շնորհահանդէսը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.