ԵՐԵՒԱՆ.– 10 Յուլիսին Հայաստանի սփիւռքի նախարարութիւնը եւ Դաւթեան–Մարիամեան կր-թական հաստատութիւնը ստորագրած են համագործակցութեան յուշագիր մը՝ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան զարգացումը, մշակութային, կրթական, դաստիարակչական եւ քարոզչական ծրագիրներու իրականացման կարեւորութեան հիման վրայ։
Բարձր գնահատելով կրթական հաստատութեան ազգանպաստ գործունէութիւնը՝ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան կարեւոր նկատած է Սփիւռքի մէջ հայոց լեզուի պահպանման եւ հայապահպանման խնդիրներու լուծման վերաբերող ծրագիրները: Նախարարը իր երախտագիտութիւնը յայտնած է նաեւ ամերիկեան կառավարութեան՝ հայոց լեզուի դասընթացքներու ծրագիրը 7 քաղաքներու 29 դպրոցներու մէջ տալուն համար։ Ան ըսած է.«Դաւթեան–Մարիամեան կրթական հաստատութիւնը հաւատարիմ է մնում իր առաքելութեանը, որն է՝ ամերիկեան պետական դպրոց յաճախող շուրջ 10 հազար հայ աշակերտներին հայեցի կրթութեամբ եւ դաստիարակութեամբ հայի ոգի սերմանելը: Շնորհակալ եմ նաեւ ծնողներին՝ ոգեւորութեան եւ ակտիւութեան, այս կառոյցի նկատմամբ ունեցած հաւատի, սիրոյ համար։ Միայն «æեֆերսոն» դպրոցում 300 հայ երեխայ է սովորում: Դաւթեան–Մարիամեան կրթական հաստատութիւնը Քալիֆորնիայի 29 դպրոցներում հայոց լեզուի եւ հայապահպանութեան խնդիրներով է զբաղւում: Արդէն 6 տարի է ակտիւ համագործակցում ենք եւ այս համաձայնագրով պարզապէս ամրագրում ենք այն, ինչ արել ենք ու փորձում ենք առաջ գնալ: Շարունակելու ենք համագործակցել հայապահպանութեան, հայոց լեզուի պահպանման խնդիրների լուծման եւ նախարարութեան ծրագրերին աւելի ակտիւ մասնակցելու ուղղութեամբ: Ուզում եմ մաղթել, որ հաստատութեան դպրոցների թիւն աւելանայ, կրկնապատկուի»։
Շնորհակալութիւն յայտնելով վստահութեան եւ բարձր գնահատանքին համար՝ կրթօճախի պատասխանատու Վահիկ Ծատուրեան նշած է. «Կ՛ուզենայի, որ մեր աշխատանքը աւելի զօրաւոր լինի, որ կարողանանք աւելի մեծ թուով երեխաներ ներառել մեր կրթական ծրագրերում»։
Նշենք, որ Դաւթեան–Մարիամեան կրթական հաստատութիւնը հիմնադրուած է 1987 թուականին, Իրանի Քուշեշ Դաւթեան եւ Մարիամեան կրթական հաստատութեան խումբ մը շրջանաւարտներու կողմէ։
Այժմ Միացեալ Նահանգներու եօթը քաղաքներու մէջ կը գործէ շուրջ 30 կրթական հաստատութիւն, որոնցմէ մեծագոյն մասնաճիւղը կը գտնուի Կլենտէյլի մէջ։ Կրթական հաստատութեան մէջ կը դասաւանդեն մշակոյթ, հայոց լեզու, հայոց պատմութիւն: Հայկական երգի, պարի, ասմունքի խմբակներուն մաս կազմելով՝ աշակերտները կը ծանօթանան հայ մշակոյթին, արուեստին եւ աւանդութիւններուն: Դասընթացքները կը կազմակերպուին ամերիկեան պետական դպրոցներուն մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.