Հինգշաբթի, 9 Յուլիս 2015ի կէսօրին, թեմիս բարեխնամ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան այցելեց Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ Ս. Գրային ամառնային վարժարանը եւ դիմաւորուեցաւ հոգեւոր հովիւին՝ Պօղոս քհնյ. Պալթայեանի, հոգաբարձութեան անդամներու եւ ուսուցիչներու կողմէ: Սրբազան հօր կ՛ընկերանար Նարեկ Ա. քհնյ. Փեհլիվանեան։ Ներկայ էր նաեւ Ազգ. վարչութեան անդամներէն Թերէզ Քեմանճեան:
Աշակերտները մէկ շաբթուան կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ պատրաստած էին գեղարուեստական յայտագիր մը՝ աղօթքներով, երգերով, նուագով եւ արտասանութիւններով: Նշենք, որ այս տարի, 3էն 14 տարեկան աւելի քան 50 աշակերտներ կը մասնակցին ամառնային դասընթացքին, որ հովիւին, հոգաբարձութեան եւ Կիրակնօրեայ վարժարանի տեսչութեան կողմէ կազմակերպուած է յաջորդաբար չորրորդ տարին ըլլալով: Մանուկ եւ պատանի աշակերտներ չորս շաբթուան ընթացքին, 6էն մինչեւ 31 Յուլիս, առաւօտեան ժամը 9էն մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 2, կը հետեւին դաստիարակչական եւ հաճելի ծրագիրի մը, կը ստանան հոգեւոր սնունդ, կը սորվին երգեր ու շարականներ, կ՛ունենան խաղի ու դաստիարակչական ժամանցի պահեր:
Հոգեւոր հովիւին եւ տեսչուհիին ողջոյնի խօսքերէն ետք, առաջնորդ սրբազանը գնահատանքով արտայայտուեցաւ աշակերտներուն մատուցած յայտագիրին մասին, ինչպէս նաեւ դրուատեց հոգեւոր հովիւն ու դաստիարակները, ապա աշակերտներուն սորվեցուց «Տէր Ողորմեան»:
Այնուհետեւ, պատգամ մը ուղղելով աշակերտներուն, ան հասկնալի ոճով պատմեց, որ Կիրակի, 12 Յուլիսին, մեր եկեղեցին պիտի տօնէ Քրիստոսի Այլակերպութեան տօնը: Ան հակիրճ կերպով բացատրեց աշակերտներուն հետ Քրիստոսի Թափօր լեռ բարձրանալն ու հոն տեղի ունեցած գեղեցիկ դէպքը, վեր առաւ անոր խորհուրդը, ինչպէս նաեւ բացատրեց աղօթքին կարեւորութիւնը՝ իւրաքանչիւր քրիստոնեայի կեանքին մէջ: Ան աշակերտները յորդորեց Աստուծոյ դիմել մեր սրբազան հայրապետներուն գրած աղօթքներուն բառերով, ինչո՞ւ չէ նաեւ իրենց անձնական բառերով աղօթելով:
Աւարտին, առաջնորդ սրբազանը պատասխանեց աշակերտներու հարցումներուն եւ անոնց հետ ունեցաւ մտերմիկ զրոյց: