ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 17 Յուլիսին Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան խորհուրդի նիստին յայտարարած է, որ Սահմանադրութիւնը փոխելէ ետք ինք Ազգային ժողովի նախագահ պիտի չդառնայ: Այս մասին յայտնած է կառավարութեան աշխատակազմի ղեկավար, նախարար Դաւիթ Յարութիւնեան՝ յիշեցնելով, որ աւելի կանուխ նախագահը յայտարարած էր նաեւ, որ իր երկրորդ պաշտօնավարումէն ետք չի ձգտիր վարչապետի կամ նախագահի պաշտօնին:
«Նոր Սահմանադրութիւնը հերքեց կարծիքը, թէ գործող նախագահն իր վերարտադրութեան հարցն է լուծում: Եթէ անգամ չխօսենք նախագահի քաղաքական յայտարարութեան մասին, որ չի պատրաստւում զբաղեցնել վարչապետի կամ նախագահի պաշտօնը, այսօր յատուկ թերահաւատների համար նա յայտարարեց, որ, ի հարկէ, Ազգային ժողովի նախագահի պաշտօնը եւս չի զբաղեցնի: Հետեւաբար, սա վերարտադրութեան ցանկութեան մասին չի խօսում», դիտել տուած է Յարութիւնեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.