ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Աշխարհի առաջատար արհեստագիտական համալսարանի՝ Մեսեչուսեցի արհեստագիտական հիմնարկին (ՄԱՀ) հետ հաստատուած համագործակցութիւնը նշելու համար, «Այբ» կրթական հիմնադրամը, «Լոյս» հիմնադրամը եւ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը տուած են միացեալ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին ներկայացուցած են միացեալ ծրագիրներուն կարեւորութիւնը։
«Այբ» դպրոցի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ, Հայաստանի նախագահի կրթութեան հարցերով խորհրդական Մեսրոպ քահանայ Արամեան ըսած է, որ «Լոյս» հիմնադրամին եւ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան հետ ներկայացուցած են կրթական շատ կարեւոր նախաձեռնութիւն մը:
«Դրանցից մէկը ՄԱՀի կողմից մշակուած «շրջուած դասասենեակ» ծրագիրն է, որը մասն է կազմում ՄԱՀի գիտական գլոբալ նախաձեռնութիւնների: Այս ծրագիրն արդէն շատ արդիւնաւէտ կերպով տարածւում է ամբողջ աշխարհում», տեղեկացուցած է ան:
Մեսրոպ քհնյ. Արամեան նշած է, որ ծրագիրի գաղափարը այն է, որ աշակերտները դասարան գան նախապէս նիւթը արդէն իսկ ուսումնասիրելէ ետք։ «Օնլայն ռեսուրսների միջոցով իրենց տրւում է նիւթը, նրանք ուսումնասիրում են, եւ դրանից յետոյ արդէն այդ դասապրոցեսը վերածւում է համատեղ ուսումնասիրութեան: Ուսուցիչն ու աշակերտը միասին շարժւում են գիտելիքի ճանապարհով»:
Ան հաստատած է, որ այս ծրագիրը շատ արդիւնաւէտ է, որովհետեւ երբ նախապէս պատրաստուած ես, քիչ մը ուսումնասիրութիւն եւ հետազօտութիւն կը կատարես, ուստի դասապահը կը դառնայ շատ արդիւնաւէտ՝ շատ աւելի անկաշկանդ ու ընկերային մթնոլորտի մէջ:
«Այս ծրագրի շրջանակներում մենք հաւաքել ենք լաւագոյն դպրոցների աշակերտներին, որ յետոյ իրենք իրենց դպրոցներում պատմեն տեղի ունեցածի մասին, գուցէ յետոյ իրենց ուսուցիչների հետ մի փոքր փոխեն կարծրացած մեթոդաբանութիւնը», յայտնած է քահանան։
Ասուլիսին ընթացքին անդրադարձ կատարուած է նաեւ կրթութեան գերազանցութեան ազգային ծրագիրին վերջին զարգացումներուն:
ՀԲԸՄի Կեդրոնական վարչական ժողովի անդամ Վազգէն Եագուպեան՝ խօսելով միացեալ աշխատանքներու կարեւորութեան մասին, ըսած է, որ մէկ նպատակ կայ՝ Սփիւռքի մէջ պահպանել հայկական մշակոյթը, ազգութիւնը եւ ինքնութիւնը:
«Վերջին քսան տարիներուն, յաջողած ծրագիրներուն թիւը կ՛աւելնայ, յատկապէս ուսումնական ոլորտին մէջ», յայտնած է Վ. Եագուպեան՝ աւելցնելով, որ պաշարներն ու կարողականութիւնը պէտք է համատեղուին եւ համադրուին։
Մեսեչուսեցի արհեստագիտական հիմնարկի «Գիտութեան եւ արհեստագիտութեան միջազգային նախաձեռնութիւններ» ծրագիրի ղեկավար Սերենելա Սուերցա եւս ըսած է, որ այս ծրագիրի գլխաւոր նպատակն է առիթ տալ երեխաներուն, որ իրենց տեսական գիտելիքները օգտագործեն գործնական նպատակի համար: «Ես հիացած եմ հայ ուսանողներուն մակարդակով», վկայած է ան։