ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան վարչական համալիրին մէջ կայացած է պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի հանդիպումը «Դէպի Հայք» հիմնարկի նախաձեռնութեամբ Հայաստան ժամանած սփիւռքահայ երիտասարդներուն հետ:
Հանդիպման ընթացքին արծարծուած նիւթերը կ՛առնչուէին ազգային բանակին ու զինուած ուժերու ձեռքբերումներուն: Բացման խօսքով հանդէս եկած է նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան պետ Վարդան Աւետիսեան, որ՝ շեշտելով աճող սերունդի հայրենասիրական դաստիարակութեան անհրաժեշտութիւնը, ընդգծած է, որ պաշտպանութեան նախարարութիւնը կարեւոր կը նկատէ սփիւռքահայ երիտասարդներուն մասնակցութիւնը հայրենիքի բարգաւաճման եւ հզօրացման գործին:
«Դէպի Հայք» հիմնարկի հայաստանեան գրասենեակի գործադիր տնօրէն Սեւան Գապաքեան՝ շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար, նշած է, որ այս ծրագիրով Հայաստան այցելող սփիւռքահայ երիտասարդները ունին մէկ ընդհանուր նպատակ՝ ծանօթանալ հայրենիքին եւ սատարել անոր:
Ողջունելով Միացեալ Նահանգներէն, Գերմանիայէն, Արժանթինէն, Պրազիլէն, Քանատայէն եւ շարք մը այլ երկիրներէ Հայաստան ժամանած երիտասարդները եւ կարեւոր նկատելով նմանաբնոյթ նախաձեռնութիւններու կայացումը՝ պաշտպանութեան նախարար Օհանեան շեշտած է, որ Հայաստան այցելող մեր հայրենակիցները միշտ ալ ցանկալի հիւր են պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ, եւ ուրախալի է այն հանգամանքը, որ բազմաթիւ հայ երիտասարդներ, ապրելով տարբեր երկիրներու մէջ, բայց եւ այնպէս իրենց գաղափարական ուղղուածութիւնը, դաստիարակութիւնը եւ հիմնական ճամբաները կ՛ուղղեն դէպի մայր հայրենիք ու մնայուն կերպով կը ձգտին իրենց ներդրումը ունենալ Հայաստանի զարգացման մէջ: Սէյրան Օհանեան ներկայացուցած է նաեւ զինուած ուժերու հիմնական ձեռքբերումներն ու մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ այլ երկիրներու միջեւ առկայ ռազմական համագործակցութեան առանցքային ուղղութիւնները: Ան յատուկ կերպով լուսարձակի տակ առած է այն իրողութիւնը, որ հայկական բանակը օրէ օր կը կատարելագործուի եւ պատրաստ է արժանի հակահարուած տալ որեւէ ոտնձգութեան: Հանդիպման ընթացքին պաշտպանութեան նախարարը պատասխանած է նաեւ սփիւռքահայ երիտասարդներուն հարցումներուն, որոնք հիմնականօրէն կը վերաբերէին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին, միջպետական ռազմական համագործակցութեանն ու զինուած ուժերու մարտական պատրաստականութեանը:
Հանդիպման աւարտին «Դէպի Հայք» հիմնարկի անդամները, անկեղծ եւ անկաշկանդ ընդունելութեան համար շնորհակալութիւն յայտնելով՝ պաշտպանութեան նախարարին, անոր հետ փոխանակած են յուշանուէրներով եւ յոյս յայտնած, որ նմանօրինակ նախաձեռնութիւններու շարունակական կ՛ըլլան։