ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».– Հայաստանի կառավարութիւնը «Զինծառայողների եւ նրանց ընտանիքների անդամների սոցիալական ապահովութեան մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքի կիրարկումն ապահովող միջոցառումների մասին» որոշումին մէջ փոփոխութիւններ կատարեց:
Այսպիսով, Հայաստանի ելեւմուտքի նախարարութիւնը օրէնս-դրութեամբ նախատեսուած պետական կառավարման մարմիններուն կողմէ ներկայացուած ցանկերու հիման վրայ միանուագ պետական պարտադիր ապահովագրական գումարներ կը յատկացնէ Հայաստանի պաշտպանութեան ընթացքին մարտական գործողութիւններու, ինչպէս նաեւ մարտական հերթապահութեան եւ յատուկ առաջադրանք կատարելու ժամանակ զոհուելու (մահանալու) պարագային՝ երկու միլիոն դրամի չափով, ինչպէս նաեւ ծառայողական պարտականութիւնները կատարելու ատեն զինուորներու զոհուելու (մահանալու) պարագային՝ մէկ միլիոն դրամի չափով:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան յայտնած է, որ առաջարկուող միանուագ ապահովագրական գումարներու կիրառման պարագային, միջին հաշուով տարեկան անհրաժեշտ գումարը կրնայ կազմել հետեւեալ պատկերը. առաջին խումբի զինուոր հաշմանդամներուն համար՝ 3 միլիոն դրամ՝ ներկայի չափերով վճարելու պարագային պահանջուող 2,730,000 դրամի փոխարէն, երկրորդ խումբի զինուոր հաշմանդամներու համար՝ 9.6 միլիոն դրամ՝ ներկայի չափերով վճարելու պարագային պահանջուող 8,736,000 դրամի փոխարէն:
Երրորդ խումբի զինուոր հաշմանդամներու համար տարեկան գումարը պիտի կազմէ 35,400,000 դրամ՝ ներկայի չափերով վճարելու պարագային պահանջուող 32,214,000 դրամի փոխարէն:
Հաշմանդամ դարձած զինուորներուն տրամադրուող միանուագ ապահովագրական գումարները առաջարկուող չափերով վճարելու պարագային պիտի պահանջուի տարեկան 48,000,000 դրամ՝ ներկայիս սահմանուած 43,680,000 դրամի փոխարէն: Լրացուցիչ պիտի պահանջուի 4,320,000 դրամ: Մեկնելով վերոնշեալ հաշիւներուն արդիւնքներէն՝ առաջարկուող փոփոխութիւններու պարագային տարեկան պիտի պահանջուի 94,000,000 դրամ՝ ներկայի չափերով վճարելու պարագային պահանջուող 64,610,000 դրամի փոխարէն: Լրացուցիչ ընդհանուր պահանջուող գումարը պիտի կազմի ընդամէնը 29,390,000 դրամ:
Նշենք, որ վերջին երեք տարիներուն Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան Զինուորական ընկերային պաշտպանութեան վարչութեան կողմէ հաշուըւած են մարտական հերթապահութիւն, յատուկ առաջադրանք կատարելու եւ ծառայողական պարտականութիւնները կատարելու ընթացքին զոհուած (մահացած) 87 զինուորներ, որոնց կարգին՝
– 2012ին 39 զինուոր, որուն 17ը՝ մարտական հերթապահութեան եւ յատուկ առաջադրանք կատարելու ատեն զոհուած (մահացած), 22ը՝ զինուորական ծառայութեան ընթացքին կամ ծառայողական պարտականութիւնները կատարելու ատեն զոհուած (մահացած),
– 2013ին 20 զինուոր, որուն 10ը՝ մարտական հերթապահութեան եւ յատուկ առաջադրանք կատարելու ատեն զոհուած (մահացած), 10ը՝ ծառայողական պարտականութիւնները կատարելու ընթացքին զոհուած (մահացած),
– 2014ին 28 զինուոր, որուն 25ը՝ մարտական հերթապահութեան եւ յատուկ առաջադրանք կատարելու ատեն զոհուած (մահացած), 3ը՝ ծառայողական պարտականութիւնները կատարելու ընթացքին զոհուած (մահացած):
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.