ԵՐԵՒԱՆ.– Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի օգնականի տեղակալ Ռիչըրտ Հոկլընտ Պաքուի մէջ յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներ կը շարունակէ հաւատալ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի գործունէութեան՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցին մէջ։ Այս մասին կը հաղորդէ «ԱՊԱ» գործակալութիւնը։
«Կողմերը պէտք է այդ հարցը լուծեն փոխըմբռնման հիման վրայ», հաստատած է ան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.