ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Յուլիս 23ին, ՀՀ փոխադրամիջոցներու եւ կապի փոխնախարար Արթուր Առաքելեան լրագրողներուն յայտնած է, որ Իրան-Հայաստան երկաթուղիի նախագիծը ընթացքի մէջ է:
«Դա բարդ ու թանկ նախագիծ է, եւ անհրաժեշտ է, որ պետութեան աջակցութիւնը լիամասշտաբ լինի: Մենք համաձայն ենք օգնել նախագծին, բոլոր միջոցներով: «Ռուսական երկաթուղի» ընկերութեան ղեկավար Վլատիմիր Եակունին «ՌԵՈՒ»ի կայքում տեղադրել է նման յայտարարութիւնների հերքումը: Նախագծով հետաքրքրուած են նաեւ այլ օտարերկրեայ ընկերութիւններ», ըսած է փոխնախարարը՝ հերքելով այն տեղեկութիւնները, թէ նախագիծը շահաւէտ չէ:
«Նիուզ» կը նշէ, որ Հայաստանի ֆինանսներու նախարարութեան «Երկաթուղու շինարարութեան տնօրինութիւն» ընկերութեան տնօրէն Աշոտ Շահնազարեան յայտնած էր, թէ երկաթուղիի շինարարութեան ժամկէտը 6 տարի է, ծախսածածկումը՝ 28 տարի, շահագործումը՝ 50 տարի: Կ՛ակնկալուի, որ աշխատանքները յառաջիկայ ամիսներուն սկսին: Շինարարութեան ամբողջական արժէքը մօտաւորապէս 3.5 միլիոն տոլար է:
Ենթադրաբար, Իրան-Հայաստան երկաթուղիի հայկական հատուածի երկարութիւնը 316 քլմ. պիտի ըլլայ: Անիկա Իրանի հետ սահմանէն (Մեղրի) պիտի հասնի Սեւանայ լիճէն ոչ շատ հեռու գտնուող Գագարին գիւղը, ուր պիտի միանայ արդէն իսկ գործող երկաթուղիին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.