Համազգայինի Լիբանանի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ Հինգշաբթի, 13 Օգոստոսին, երեկոյեան ժամը 7ին բացումը կատարուեցաւ «Դէպի նոր հարիւրամեակ» խորագիրով հաւաքական ցուցահանդէսին, որ կազմակերպուած էր Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին, Մուսա լերան հերոսամարտի 100ամեակի եւ Այնճարի հիմնադրութեան 75ամեակի կեդրոնական մարմինին կողմէ՝ հովանաւորութեամբ Ժագ Չուխատարեանի: Հաւաքական այս ցուցահանդէսին իրենց մասնակցութիւնը բերած էին 10 մուսալեռցի արուեստագէտներ:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Կրէյս Պապոյեան-Լոճիկեան: Ան ըսաւ, թէ այս ձեռնարկը հայութեան ապրելու, մաքառելու, գոյատեւելու եւ դժուարութիւնները յաղթահարելու կամքը դրսեւորող մշակութային հարազատ արտայայտութիւն մըն է: 100 տարի ետք մուսալեռցին կու գայ հատու պատասխան տալու թշնամիին, որ անոր հայաջինջ ծրագիրը ոչ միայն ձախողած է, այլեւ հայ մշակոյթը կը շարունակէ ծաղկիլ ու նուաճել նոր բարձունքներ:
Խօսք առաւ Մուսայ լերան հերոսամարտի 100ամեակի եւ Այնճարի 75ամեակի կեդրոնական մարմինի ատենապետ Եսայի Հաւաթեան: Ան ըսաւ, թէ 1915ին մուսալեռցիներուն դիմադրութիւնը, ֆրանսական մարտանաւերը եւ Ֆրանց Վերֆելի «Մուսայ Լերան 40 Օրերը» գիրքը հանրաճանաչ դարձուցին Մուսա լեռն ու մուսալեռցին: Ան հաստատեց, որ տօնական է առիթը, որովհետեւ նման ձեռնարկներ ընդհանրապէս ամէն տարի Այնճարի մէջ կը կազմակերպուին, բայց Մուսա լերան հերոսամարտի 100ամեակը եւ Այնճարի հիմնադրութեան 75ամեակը լաւագոյն առիթն էին ձեռնարկը Պուրճ Համուտի մէջ կազմակերպելուն:
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին, ինչպէս նաեւ մեթր Ժագ Չուխատարեանին՝ իր հովանաւորութեան համար:
Եսայի Հաւաթեան հաստատեց, որ ցուցադրուած 53 արուեստի գործերուն մէջ Մուսա լեռն ու Այնճարը ոչ միայն կենդանի եւ իրական են, այլեւ հանրաճանաչ դարձած են գրողներով, արուեստագէտներով եւ նախարարներով:
Ցուցահանդէսի հովանաւոր Ժագ Չուխատարեան՝ փոխանցելով իր սրտի խօսքը, յայտնեց, որ ինք հպարտ է իր մուսալեռցիութեամբ, եւ այս հանգամանքը իր կեանքին համար յատուկ դեր եւ նշանակութիւն ունի:
Ան յաջողութիւն մաղթեց մասնակից արուեստագէտներուն իրենց ստեղծագործական երթին մէջ:
Խօսք առաւ նաեւ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան: Ան ըսաւ, թէ այնճարցին յաղթանակած ժողովուրդ է, որովհետեւ կը շարունակէ իր մշակոյթի գանձարանը, արխիւը եւ շտեմարանը ծաղկեցնել ու հարստացնել: Այնտեղ հողին ուժը կայ, խորհրդաւոր պատգամներ կան, յաջորդ սերունդները այդ պատգամները պիտի ընդունին ու պիտի շարունակեն հայութեան յաղթական երթը: Ան յայտնեց, որ ցուցահանդէսին կը մասնակցին կայացած արուեստագէտներ, որոնցմէ շատեր յաջողութիւններ արձանագրած են Լիբանանէն անդին եւ բոլորն ալ արժանի են մեծ գնահատանքի:
Ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի մինչեւ 30 Օգոստոս։