ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ
Պուրճ Համուտի գերբնակեցուած թաղերը երբեմն իրենց անկիւնները պահած կ՛ըլլան կարելիութիւններ, որոնք առիթներու կը սպասեն երեւան գալու ու գործի ծառայելու: Հակառակ Պուրճ Համուտի անկիւններուն նեղութեան ու ապականումին եւ լիբանանեան ապրելակերպին հետեւանք իբրեւ թաղերուն տժգունութեան, միայն հոս ապրած-մեծցած լիբանանահայը պիտի կարենար տեսնել Պուրճ Համուտի թաքուն ներուժը, ու օգտագործելով առիթը՝ կարենար ստեղծագործել իրեն տրամադրուած միջոցներով, առա-ւելագոյնը իմաստաւորելով զանոնք: Եւ այսպէս, խումբ մը երիտասարդներ Պուրճ Համուտի աննշան անկիւններէն մէկուն մէջ կը կերտեն արդիւնաբեր տարածք մը՝ զայն դարձնելով արուեստասէրներու եւ արուեստագէտներու հանդիպման վայր՝ «Կանգառ»:
Արմէնիա պողոտային վրայ գտնուելով հանդերձ, «Կանգառ»ը պահուըտած է Արաքս եւ Մարաշ թաղերուն միջեւ գտնուող տուներու շարքին եղող միակ մուտքին ետին, հետեւաբար, անիկա անջատուած է ինքնաշարժներու եւ անցորդներու հետ որեւէ շփումէ, բան մը, որ այցելուն կը փոխադրէ այլ փորձառութեան մը, ու տարածքը կը վերածէ վայրի մը, որ այցելուն իր ամբողջական տրամադրութեան տակ կ՛առնէ:
Բայց «Կանգառ»ը ընդարձակ տարածք մը չէ, այլ երկյարկանի փոքր բնակարանի մը առջեւի բակը, որուն նորոգութիւնը կատարած են խումբ մը երիտասարդներ՝ իրենց անձնական ճիգերով:
«Տեղը շատ պարզ է եւ (երեք ամսուան ընթացքին) ինչ որ կարեւոր էր ընել, ատիկա ըրինք, քանի որ նաեւ արտաքին ֆինանսաւորում ալ չունինք», ըսաւ Յովսէփ Աղճեան, որ հիմնականօրէն Գօգօ Աւեսեանին եւ Հայկ Կրակեանին հետ իրականացուցած է «Կանգառ» ծրագիրը: «Շինարարական քանի մը աշխատանքներ կատարեցինք, ինչպէս՝ որմնաշարութիւն, մեր ընկերներէն Սիմոն Գալայճեանի հօր նուիրատուութեամբ եւ ելեկտրանութեան սարքաւորում, հօրս նուիրատուութեամբ: Յատակը շտկեցինք խճաքարերով ու շրջափակը զարդարեցինք բոյսերով, անշուշտ պատերը ներկեցինք ու կահ կարասիներ շինեցինք: Այս բոլորը ըրինք մեր անձնական ջանքերով», նշեց Յովսէփ:
ԾՐԱԳԻՐԸ ԿԸ ԾՆԻ ԿԱՐԻՔԷ
Արուեստով հետաքրքրուողներուն համար ստեղծագործութիւններու տարածք մը գտնելը կարեւոր տեղ կը գրաւէ անոնց առօրեայ կեանքին մէջ, այլապէս տաղանդը կը մնայ թերաճ: Նոյնն էր պարագան այս երեք երիտասարդներուն, որոնք կը տագնապէին երաժշտութիւն եւ նկարչութիւն արտադրելու համար յարմար տարածութիւն մը գտնելու մտահոգութենէն: Գտնելէ ետք այս երկյարկանի շէնքը, անոնցմէ երկուքը՝ Յովսէփ Աղճեանն ու Հայկ Կրակեանը, յարկաբաժինէն սենեակ մը կը կահաւորեն երաժշտական սարքաւորումներով, իսկ Գօգօ Աւեսեան յարկաբաժինին միւս սենեակը կը վերածէ իր նկարչութեան արհեստանոցին: Անոնց համար հետաքրքրական կը դառնայ արհեստանոցներուն առջեւ գտնուղ բակին տրամադրած կարելիութիւնները, այդպէս ալ կը մտայղանան այդ տարածքը՝ հոն արուեստի ու մշակութային ձեռնարկներու համար օգտագործելու գաղափարը:
«Երբ դուրսը դասաւորում ըրինք, մեր միտքերուն մէջ զայն մշակոյթի եւ արուեստի ձեռնարկներու տրամադրելն էր, ինչպէս՝ ցուցահանդէսներու, ցուցադրութիւններու եւ երաժշտական ազատ ստեղծագործման երեկոներու. հետաքրքրական է, որ դիմատետրի վրայ մեր զետեղած կարճ տեսաերիզը, որ մեր յանպատրաստից նուագի մը պահն էր, մեծ ընդունելութիւն գտաւ մարդոց կողմէ եւ աւելի քան 2 հազար ակնդրութեան արժանացաւ», ըսաւ Հայկ Կրակեան:
Խանդավառուած տեսաերիզի ձգած տպաւորութիւններէն՝ անոնք ալ աւելի վճռակամօրէն կը նետուին զուտ ինքնաշխատութեամբ մէջտեղ եկած ծրագիրին իրագործման:
«Նախ, գոյութիւն չունին նման տարածքներ, որոնք մեզի առիթ ընծայեն ստեղծագործելու: Հետեւաբար «Կանգառ»ը խորքին մէջ ծնած է կարիքէ մը: Մենք պէտք ունինք տարածքներու, որոնք կ՛արտօնեն մեզի նստելու եւ քննարկելու զուտ արուեստի կամ մշակոյթի նիւթեր, առանց կաշկանդումներու: Գաղութին մէջ մեզի համար նման առիթներ տրուած չեն, ինչ որ գէշ բան մըն է արուեստի զարգացման ընթացքին մէջ: Գաղութին մէջ նման տարածքներու չգոյութեան պատճառը ինքնին քանդիչ է գաղութին արուեստի եւ մշակութային զարգացման ընթացքին համար», ըսին անոնք:
Շարունակելով՝ անոնք նշեցին, թէ ներկայիս աւելի շատ առեւտրական բնոյթի կամ դասական մշակոյթներու տեսակի ալիքներ կան, իսկ իրենց փնտռածը նոր ստեղծագործութիւններու հարթակ մըն է: Անոնք յոյս ունին, որ այս տարածքը առիթ պիտի ընծայէ իրենց «ապրելու», թէ՛ ստեղծագործութիւնը, թէ՛ ստեղծագործներ մէկտեղելու եւ թէ մասնագիտական ներդրում ունենալու հայկական մշակոյթին եւ արուեստին մէջ: «Կանգառ»ի տղաքը ընդվզում արտայայտեցին լիբանանահայ արուեստի տարածքին հետզհետէ լճացման երեւոյթին, որ առիթ չ՛ընծայեր ստեղծագործ եւ արդի ու ժամանակակից ստեղծագործութիւններու իրականացման: Այս իսկ պատճառով անոնք նախ կը տրամադրուին «Կանգառ»ին, ապա «Կանգառ»ը կը տրամադրեն բոլոր անոնց, որոնք հետաքրքրուած են նման ծրագիրներով:
«ԿԱՆԳԱՌ»Ը ԿԸ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԷ «ԽԱՉՄԵՐՈՒԿ» ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ
«Կանգառ»ի առաջին գնացքը կ՛ընդգրկէ «Խաչմերուկ» խորագիրով նկարչական ցուցահանդէսը: Ցուցահանդէսին կը մասնակցին տարբեր դպրոցներէ ու փորձառութենէ եկած չորս արուեստագէտներ՝ Աւեսեան Գօգօ, Աֆարեան Յովիկ, Գարավարդանեան Մուշեղ եւ Մանուկեան Սերժ: Այս ցուցահանդէսին բացումը տեղի կ՛ունենայ (ունեցաւ-Խմբ.) այսօր՝ Ուրբաթ, 21 Օգոստոսին, երեկոյեան ժամը 7:30ին եւ կը տեւէ մինչեւ Օգոստոս 30: Մասնակիցները պիտի կատարեն «Կանգառ»ին բացումը եւ անդրանիկ ցուցահանդէսը՝ հանրութեան հրամցնելով արուեստի հանդէպ նոր մօտեցումներ՝ հեռու դասական ոճերէ:
Գօգօ Աւեսեան՝ խօսելով ասոր մասին ըսաւ, թէ ան չի հաւատար նկարչութեան ժանրերու, այլ կտաւին վրայ դրուած զգացումներուն դրսեւորած արտայայտութեան՝ աւելցնելով. «Սուտ է (ժանրը),- ըսաւ ան,- ատիկա դպրոցներու կը պատկանի: Կտաւին վրայ կը գտնուին միայն զգացումներ եւ հակառակ անոր որ պարտադիր է դասական կամ տարբեր ժանրերու ընդմէջէն գծելը, ի վերջոյ իմ արուեստի աշխարհիս մէջ միայն վրձինն է ճշմարիտը, եւ ես անոր կը հաւատամ: Արուեստագէտը ինք պէտք է փորձէ բոլոր դպրոցները, բայց կարեւոր է, որ հաւատարիմ մնայ իր արուեստին»:
«Խաչմերուկ»ին նպատակն է նախ հրամցնել արուեստի այլընտրանք, ապա արուեստասէրներն ու արուեստագէտները «Կանգառ» բերել վայրկեան մը կանգ առնելու ու մաս կազմելու այս աշխարհին:
«Կանգառ»ը առիթ ունի մարդը մխրճելու իր արուեստին մէջ ու յատուկ մթնոլորտով պատելու անոր հոգին, քանի որ երբ տուեալ անձը «Կանգառ» մտնէ, ամբողջովին կը սուզուի արուեստին ներկայացուցած զգացումներուն մէջ: Այս մէկը կարելի է տեսնել «Կանգառ»ի բնակիչներուն մօտ եւ այդ պատճառով է, որ «Կանգառ»ը կ՛արտացոլայ անոնց ապրելակերպը: Գօգօ Աւեսեան կը գծէ անձնական գոհունակութեան համար, ու իր կտաւին հետ իր կապը հոգեկան է, քան ֆիզիքական, ուստի շատ դժուարութեամբ կը բաժնուի անոնցմէ: «Աստուած չընէ, որ օրին մէկը գործս ծախելու համար գծեմ»: Նոյնն է պարագան Յովսէփ Աղճեանին ու Հայկ Կրակեանին, որոնք կ՛անդրադառնան երաժշտութիւն արտադրելու ժամանակակից ձեւերուն, երբ երաժշտութեան արձանագրութիւնները տեղի կ՛ունենան նոյն վայրին մէջ, ուր տեղի ունեցած է երգին յօրինումը: Այս ձեւով անոնք չեն դադրիր մաս կազմելէ իրենց արուեստին ու շատ աւելի դժուար կ՛ըլլայ արուեստագէտ-արուեստի գործի խզումը: Հետեւաբար, «Կանգառ»ը իր անդրանիկ ցուցահանդէսով պիտի փորձէ այդ կապը մէջտեղ բերել ու մտածել տալ արուեստի փորձարկութեան ժամանակակից ձեւերուն մասին:
«Կանգառ»ը իր ծրագիրով փորձառական ընթացքի մէջ է: Հոն տեղի կ՛ունենան նաեւ «Խում» երաժշտական ծրագիրին եւ «Միհր» երաժշտական խումբին արտադրութիւնները։»
«Կանգառ»ին դռները բաց են բոլոր հետաքրքրուողներուն համար», ըսին անոնք: